Իրանի «Նայիրի» Պարախումբի Յաղթանակը` «Orange Kobulittie» Մրցոյթ-Փառատօնին

ՀՄՄ (Հայ մարմնամարզական միութիւն) «Նայիրի» միութեան «Նայիրի» պարախումբը յաղթած է յուլիս ամսուն Վրաստանի Քոպուլէթի քաղաքին մէջ կայացած «Orange Kobulittie» մշակութային մրցոյթ-փառատօնին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` «Ալիք» օրթերթը կը տեղեկանայ միութեան հանրային ծառայութենէն:
Մրցոյթը տեղի ունեցած է յուլիս 27-ին, որուն մասնակցած են Վրաստանէն, Հայաստանէն, Իրանէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսաստանէն երգի, երաժշտութեան եւ պարի խումբեր:
Ընդհանուր ծրագիրին մէջ ներկայացուած են շուրջ 45 կատարումներ, որոնցմէ ոչ բոլորը ունեցած են մրցութային բնոյթ:
«Նայիրի» պարախումբը փառատօնին մասնակցած է երեք` «Ազգագրական պարերու շարան», «Կանչում եմ» եւ «Իշխանապար եւ Պոպուրի» պարերով: Իւրաքանչիւր ներկայացումէն յետոյ հանդիսատեսը ոգեւորուած եւ բուռն ծափողջոյններով գնահատած է խումբի կատարումները:
Վերջին արդիւնքը հնարաւոր 75 միաւորէ «Նայիրի» պարախումբը վաստակած է 74 միաւոր` գրաւելով առաջին հորիզոնականն ու նուաճելով յաղթողի կոչումը: Պարախումբն արժանացած է ոսկէ մետալի, վկայագիրի եւ յուշանուէրի, իսկ իւրաքանչիւր պարուհիի շնորհուած է պատուոգիր:
Նշենք, որ «Նայիրի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Արտաւազդ Աւետիսեան, իսկ պարուսոյցներն են Մելան Սեֆեանն ու Մերի Աւետիսեանը: Անոնցմէ բացի մրցոյթ-փառատօնին ներկայ եղած են նաեւ պարի յանձնախումբի անդամներ Հրաչիկ Շահբազեանն ու Սեդա Նազարեանը, իսկ որպէս օժանադակողներ` Մայիս Մանուկեանն ու Ռազմիկ Միրզախանեանը: Խումբին ընկերակցած են բուժքոյր Մարի Արզումանեանը եւ միութեան հանրային կապի պատասխանատուն:
Յաղթանակին առիթով կը շնորհաւորենք ՀՄՄ «Նայիրի» միութիւնը, յատկապէս` պարախումբի անդամները, անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ: