Պասքէթպոլի Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Շուէտի Հայերու Աջակցութեան Կարիքն Ունի

Պասքէթպոլի 2019 թ. աշխարհի առաջնութեան նախընտրական փուլի ծիրէն ներս օգոստոս 16-ին Հայաստանի հաւաքականը կը հիւրընկալուի Շուէտի ընտրանիին: Հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ուփսալա քաղաքի IFU Arena մարզահամալիրին մէջ:
«Հայաստանի պասքէթպոլի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ Շուէտ բնակուող մեր հայրենակիցները հանդիպման տոմսերը կրնան ձեռք բերել հետեւեալ հասցէով»,- կը փոխանցէ ՀԱՕԿ լրատուականը: