Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Օգոստոս 14-ին, ժամը 11:00-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Արման Սամուէլի Մովսիսեանը:
Դէպքին մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: