Իրանի ՄԷջ Պահպանուող Պատմական Զանգը Պիտի Վերադարձուի Վանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի

Իրանը Վանի հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ պիտի  վերադարձնէ անոր պատկանող պատմական զանգը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Hürriyet»  թերթի կայքը:

Շուրջ 629 տարուան վաղեմութիւն ունեցող զանգը ներկայիս կը ցուցադրուի Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի Ուրմիա քաղաքի (Anthropological) մարդաբանական թանգարանին մէջ: Յայտնի է, որ այն Վանի Սբ. Աստուածածինին  նուիրաբերուած է 1388թ.:

Իրանի մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան  կազմակերպութեան փոխնախագահ Միրհատի Քարա Սէյիթ Ռումեանին նշած է, որ իրենք ամէն ջանք կը թափեն` Իրանին պատկանող պատմամշակութային արժէքները երկիր վերադարձնելու համար:

«Նոյն կերպ ալ մենք իրենց իրական տէրերուն կը վերադարձնենք մեր երկրին մէջ գտնուող այն արժէքները, որոնք ապացուցուած է, որ կը պատկանին այս կամ այն երկրին», –  Ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` աւելցուցած է Ռումեանին:

 

Scroll Up