Կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հրապարակի Երգող Շատրուաններու Նոր Երաժշտացանկին Շնորհանդէսը

Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2017» եռամսեայ ձեռնարկներու ծրագիրին ծիրէն ներս՝ մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած երգող շատրուաններու նոր երաժշտացանկի շնորհանդէսը, որ մեկնարկած է գեղեցիկ ֆլեշ-մոպով. ազգային եւ ժողովրդական երաժշտութեան եւ շատրուաններու ռիթմիկ ջրացայտերու ներքոյ՝ երիտասարդները ներկայացուցած են գեղեցիկ պարային կատարումներ: Այս մասին  «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Շնորհանդէսին ներկայ եղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, որ նշած է, թէ գունաձայնային շատրուաններու նոր երաժշտացանկը կազմուած է երաժշտական տարբեր ուղղութիւններ ներկայացնող երգերէ ու երաժշտութիւններէ, որպէսզի հնարաւորինս բաւարարէ բոլոր երաժշտասէրներու երաժշտական նախապատուութիւններն ու ճաշակը: Ցանկին մէջ ներառուած են ինչպէս հայկական, այնպէս ալ արտասահմանեան բազմաժանր ստեղծագործութիւններ` դասականէն մինչեւ ժամանակակից:

Նոր երաժշտացանկը հաճելի անակնկալ էր ոչ միայն մայրաքաղաքի բնակիչներուն, այլ նաեւ հիւրերուն համար, քանի որ Հանրապետութեան հրապարակը, իր գունաձայնային շատրուաններով, կը հանդիսանայ ե՛ւ երեւանցիներու, ե՛ւ զբօսաշրիկներու հանգիստի ու ժամանցի ամենասիրելի զբօսավայրերէն մէկը:

Scroll Up