Հայաստան Ժամանողներուն «Կը Դիմաւորեն» Մեր Մշակոյթի Բացառիկ Արժէքներու 3D Պատկերները

«Սոլիտ Սիսթեմս» ընկերութեան տնօրէն Ռուբէն Սարգսեան ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուց նախարար Արմէն Ամիրեանի գաղափարի իրականացումը. թանգարանային նմուշի վիրտուալ պատկերն` իր ցուցադրական վահանակով:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, մտադրութիւն կայ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի բացառիկ տաս նմուշներու 3D պատկերները նման եղանակով ցուցադրութեան համար տեղադրել Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ժամանման եւ բեռներու ստացման սրահներուն մէջ:

Աշխատակիցներն ու նախարար Ամիրեան երկար ժամանակ հիացած կը դիտէին սափորի վիրտուալ պատկերի փորձնական նմուշը:

Հայաստան ժամանողներուն նաեւ այսպիսի «տեսքով» կը դիմաւորեն Արենիի քարանձաւին մէջ պեղուած` մօտ 6 հազար տարեկան եւ աշխարհի մէջ մինչ օրս յայտնաբերուած առաջին կաշուէ կօշիկը, Լճաշէնի մէջ յայտնաբերուած պրոնզեդարեան քառանիւ կառքը, Մշոյ Սուրբ Առաքելոց միջնադարեան վանքի դուռը…

Scroll Up