Բոլորս Ծնունդով Արեւմտեան Հայաստանէն Ենք Կամ Յայտնի Արժանթինահայերու Մշտական Պայքարը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/արգենտինա-3.jpg)
Արժանթինի հայ համայնքը ձեւաւորուած է հիմնականին մէջ համիտեան ջարդերէն յետոյ:
Մինչեւ 1920 թուական այնտեղ գոյացաւ կայուն հայկական գաղթօճախ: Հայերը լուրջ ներդրում ունեցան Արժանթինի զարգացման գործին: Անոնցմէ առաւել յայտնի են երաժիշտ Ալիս Թերզեան, բժիշկ Դանիէլ Սթամպուլեան, նկարիչ Էտուարտօ-Տիգրան Մուրեկեան:
Ներկայիս Արժանթինի մէջ կ’ապրի մօտ հարիւր հազար հայ: Անոնք ամերիկեան հարաւային մայրցամաքին վրայ յայտնուած են առաւելապէս հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ: Արժանթինի մէջ հայերն աշխոյժ հասարակական ու քաղաքական օղակներու մէջ են: Անոնք լուրջ հեղինակութիւն ու վստահութիւն կը վայելեն օտարի աչքին: Չեն մոռնար նաեւ հայկական հարցը արժանթինեան օրակարգին մէջ պահելու:
Օրինակ` յայտնի բժիշկ-վարակաբան Դանիէլ Սթամպուլեան Sputnik Արմէնիայի հետ բացառիկ զրոյցին յայտնած էր, որ փոքր տարիքէն ծնողներէն լսած է հայերու ջարդերու ու փախուստի մասին, ատոր համար ալ իր կեանքին նպատակը կը համարէ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
Հէնց Սթամպուլեանի անմիջական մասնակցութեամբ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը ժամանեց Հայաստան:
«Դուք գիտէք, որ Հռոմի պապն Արժանթինէն է, եւ արժանթինահայերը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին Ֆրանչիսկոս պապին հետ, իրենց լոպպիին դերը շատ մեծ եղած է, որ ան արտասանէր «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» եզրոյթը: Ըսեմ, որ 45 հոգինոց խումբ մը կազմուած էր, որոնց մէջ կար նաեւ հրեաներ ու իսլամներ: Անոնք ցեղասպանութեան հարցը բարձրացուցած ու խրախուսած են Պապին, որ աջակցի ճանաչման»,-դեռեւս Հռոմի պապի ժամանումէն օրեր առաջ մեզի հետ զրոյցին յայտնած էր արժանթինահայ բժիշկը:
Արժանթինի մէջ սիրուած ու գնահատուած է նաեւ երգահան, ջութակահար Պուենոս Այրէսի երաժշտանոցի փրոֆէսոր Ալիսիա Թերզեանը: Անոր պապերը եւս գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանէն:
«Հայրս, մայրս, մեծ մայրս հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ ստիպուած եղան Արժանթին գալ: Մեծ մայրս կը պատմէր, թէ ինչպէս փախած են ջարդերէն: Մեծ հայրս խոշոր գումար տուած է քիւրտի մը, որ օգնէ փրկել գոնէ մէկ Թերզեանի: Իսկ մեծ մայրս տուած է իր բոլոր ոսկիները: Բայց մեծ հօրս սպաննած են հէնց հօրս աչքերուն առջեւ: Իսկ մայրս ու հայրս ծանօթացած են Արժանթինի մէջ»,-պատմեց Ալիս Թերզեան:
Թերզեան եւս աշխուժօրէն կը պայքարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Մօտ երկու տարի առաջ անոր անունը հերթական անգամ յիշատակուեցաւ մամուլի մէջ ոչ միայն որպէս երաժիշտ, այլեւ հայրենասէր: Ան կոչ կ’ընէր արժանթինահայերուն մերկացնել թուրք հասարակութեան իրական պատկերը եւ այլ տեսանկիւնէ անդրադառնալ թրքական յայտնի «Հազար ու մի գիշեր» հեռուստասէրիալին, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր այդ երկրին մէջ ու պատմական ապատեղեկատուութիւն կը տարածէր:
«Կը կարծեմ` բազմաթիւ միջոցներ կան պայքարելու, որպէսզի ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, առաջին հերթին` հէնց Հարիւրամեայ տարելիցին ընդառաջ, երբ բոլորս կը սպասենք Ցեղասպանութեան ճանաչման ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն կողմէ, որոնք դեռ չեն ճանչցած զայն»,-գրած էր ան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ալիսիա Թերզեան պատմեց` առաջին անգամ Հայաստան եկած է 70-ականներուն: Հիմա ալ կը ցանկայ ժամանել Հայաստան, բայց ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ որպէս արուեստագէտ:
«Կը կարծեմ, որ Հայաստան շատ փոխուած է: Կը ցանկայի ճանչնալ մտաւոր, մշակութային Հայաստանը, ծանօթանալ երիտասարդ երաժիշտներու հետ»,-պատմեց երաժիշտը:
Չնայած վերջին շրջանին զինք Հայաստան չեն հրաւիրած համերգներու մասնակցելու համար, բայց դեռ յոյս ունի, որ ատիկա ալ կ’իրականանայ: Այս առաջարկով ան նաեւ կոչ կ’ընէ Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանին իրագործել նման ծրագիրներ:
Արժանթինահայ յայտնի նկարիչ է Էտուարտօ-Տիգրան Մուրեկեան: Առաջին անգամ ան Հայաստան ժամանած էր 1990-ականներուն: Յետոյ առիթ ունեցաւ լրատուամիջոցներուն խոստովանելու, որ հիւանդ է Երեւանով: Ան իր գործունէութիւնը տարածեց նաեւ Սպանիա` այնտեղ ստեղծելով հայ նկարիչներու պատկերասրահ:
Արժանթինի մէջ ապրող հայ համայնքը կը համարուի երկրի ամենակազմակերպուած եւ բարեկեցիկ ազգային փոքրամասնութիւններէն մէկը: Արժանթինի մէջ մեծ համբաւ ունին նաեւ Արդարադատութեան նախկին նախարար, Պուենոս Այրէսի անվտանգութեան նախկին նախարար Լէոն Գարլոս Արսլանեան, նկարիչ Խորխէ Տէմիրճեան, թենիսիստ Դաւիթ Նալպանտեան եւ այլք: