Խորովածի Միջազգային Փառատօն Հայաստանի Մէջ

«Խորովածի փառատօնը Հայաստանի մէջ ամենակայացած ձեռնարկներէն է, իրադարձութիւն է ոչ միայն մեր կեանքին մէջ, նաեւ համաշխարհային զբօսաշրջութեան մէջ»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ըսաւ ՀՀ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան:
Ան կարեւոր համարեց այն փաստը, որ յատուկ փառատօնին մասնակցելու համար Հայաստան կու գան զբօսաշրջիկներ, նաեւ զբօսաշրջային ընկերութիւնները փառատօնը ներառած են իրենց զբօսաշրջային ծրագիրներուն մէջ:
Խորովածի միջազգային 9-րդ փառատօնը պիտի կայանայ օգոստոս 20-ին:
«Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» ՀԿ-ի նախագահ Սեդրակ Մամուլեանի խօսքով, այս անգամ պիտի իրականացնէ ոչ թէ Ախթալա եկեղեցւոյ տարածքին մէջ, ինչպէս եղած է մինչ այժմ, այլ Ախթալա քաղաքի` մարզադաշտի տարածքին մէջ:
«Տարածքը համեմատաբար աւելի մեծ է, քանի որ մեր մասնակիցները, այցելուներու թիւը երթալով կ’աւելնայ»,- նշեց ան:
Ս. Մամուլեան ըսաւ, որ կը նախատեսուի 30 եւ աւելի տաղաւար:
«Խորովածի միջազգային միութեան» համանախագահ Արտէմ Ենգոյեան ըսաւ, որ փառատօնի ծիրէն ներս կը նախատեսեն Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իրականացնել միջազգային օրէնքներուն համապատասխան խորովածի մրցոյթ:
«Մասնակից խումբեր կը սպասենք Աւստրիայէն, Լիթուայէն, Ռուսաստանէն: Բոլոր խումբերը լուրջ միջազգային փորձ ունին: Մեր հանրութեան համար հետաքրքիր կ’ըլլայ»,-panorama.am-ի փոխանցմամբ` ըսաւ ան:
Ա. Ենգոյեանի խօսքով, մրցոյթին համաձայն, պէտք է հինգ տեսակի խորոված պատրաստեն, մատուցեն դատաւորներուն նշանակուած ժամուն: