(Արևելահայերեն) Նաքքաշի Շրջանը Օժտուեցաւ Իր Վերանորոգուած «Հրայր Մարուխեան» Կեդրոնով

Ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Նաքքաշի հայ բնակչութիւնն ու շրջանին դաշնակցական ընկերները միասնաբար ապրեցան հպարտութեան եւ հոգեկան երջանկութեան անմոռանալի պահ մը: Առիթը ՀՅ Դաշնակցութեան «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան համանուն բարեզարդուած կեդրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնն էր, որուն հրաւէրին, ինչպէս միշտ, այս անգամ նաեւ ընդառաջած էին բոլորը:

Ամբողջական վերանորոգման ենթարկուած ակումբը կարծես կ՛արձագանգէր այս փոքր «ժողովրդային տունը» լեցուցած ներկաներուն ժպտերես գոհունակութեան: Ուրախ էին բոլորը, որ երկար տարիներ ետք, շնորհիւ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի եւ ակումբի վարչութեան միացեալ ճիգերուն` այս հայահոծ շրջանը վերջապէս կ՛օժտուէր իր ներկայանալի եւ շրջանի հայութեան կարիքներուն գոհացում տուող կեդրոնով:

Վերանորոգուած կեդրոնի վարչութեան անունով հանդիպումին բացումը կատարելով` Ճորճիկ Սալորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Սարգիս Կիրակոսեանը` փոխանցելու «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի եւ ակումբի վարչութեան խօսքը:

Սարգիս Կիրակոսեան նախ կատարեց հակիրճ պատմականը «հիմա ձեզ ժպտերես դիմաւորող մեր այս երկրորդ տուն»-ին, որ շուրջ քառասուն տարի առաջ, քանի մը գաղափարապաշտ ընկերներու ճիգերուն շնորհիւ, հաստատուեցաւ շէնքի պահակի փոքրիկ սենեակին մէջ, ապա` անոնց ամբողջական ներդրումով ու նուիրումով սենեակ առ սենեակ ծաւալեցաւ եւ այս ծաւալը ստացաւ, որպէսզի դառնայ ո՛չ միայն Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ ամէնօրեայ հանդիպումի կեդրոն մը, այլեւ` հաւատքի, ուխտի եւ դաշնակցական գործի ոգեղէն ամրոց մը:

Այս առումով, մեր արդիական ակումբներուն եւ համալիրներուն զուգահեռ, ան յատկապէս ծանրացաւ Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ սերտ կապը վառ ու ամրապինդ պահող նմանօրինակ կեդրոններու կարեւորութեան վրայ` իբրեւ շրջանի հայ ազգաբնակչութեան կարիքներուն հասնող եւ վստահութիւն ու հպարտութիւն ներշնչող գաղափարի միջնաբերդ:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան հրաւէրներուն միշտ եւ ամենայն խանդավառութեամբ ընդառաջած շրջանի հայ ազգաբնակչութեան, զայն նկատելով այս վերանորոգ կեդրոնին առաջին տէրը, իսկ անոր իրերայաջորդ վարչութիւններն ու պատասխանատու մարմինները` հայ ժողովուրդի համեստ ծառաները:

Ապա, շրջանի ծխատէր Խաչիկ քհնյ. Միսիրեան օրհնեց Նաքքաշի հայ բնակչութեան այս վերանորոգ տունը եւ անոր վարչութեան մաղթեց բարի եւ ազգօգուտ նորանոր գործունէութիւն:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up