Հայերու Ստեղծած Sololearn-ը Facebook-ի Կողմէ Լաւագոյն Յաւելուած Ճանչցուած է

Աշխարհի մէջ խոշորագոյն ծրագրաւորման ուսուցման հայ-ամերիկեան SoloLearn բջիջային հարթակը յաղթած է Facebook ընկերութեան կողմէ տրուող FbStart Apps of the Year (FbStart-ի տարուան յաւելուածները) գլխաաւոր մրցանակը, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:
Միջոցառումը կը գնահատէ FbStart ծրագիրին մէջ ներառուած ամենայաջողակ յաւելուածները` ամբողջ աշխարհէն, իսկ FbStar-ը Facebook ընկերութեան համաշխարհային նախագիծերէն է, որ կ՛օգնէ բջիջային յաւելուածներ մշակողներուն սկսելու եւ մեծցնելու իրենց գործը:
2015-ի Դեկտեմբերին հայ-ամերիկեան SoloLearn start up-ը ճանչցուած է Սիլիքոնեան հովիտի մինչեւ $10 ֆինանսաւորմամբ ամենաարագ զարգացող 10 սկսնակ ընկերութիւններէն մէկը: Հաշուի առնելով հսկայական մրցակցութիւնը ծրագրաւորման ուսուցման շուկայի մէջ, SoloLearn-ը յաջողած է բաւական սեղմ ժամկէտի մէջ գրեթէ անհնարինի հասնել` իր ասպարէզին մէջ առաջատար դառնալով աշխարհի մէջ:
Անիկա բաղկացած է 2 բաժինէ` ուսուցում եւ խաղ, որու օգնութեամբ օգտատէրը կրնայ մրցիլ ընկերներու հետ, ծրագրաւորման խնդիրներ լուծել: Արդիւնքով, անոր մակարդակը, որպէս ծրագրաւորող, միշտապէս կ՛աճի:
SoloLearn-ը օգտատէրեր ունի ամբողջ աշխարհի մէջ, որոնց մօտ 40 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներէն: