Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը 2016-2017տարեշրջանի միացեալ հասկաքաղը նշեց մեծ շուքով

«Ո՜վ մեր լեզուն, հայելի մաքրութիւն՝ գորովի եւ արիութեան, դուն մեր հոգին ու մեր արիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես…»

Մեծանուն գրող եւ հասարակական Ռամկավար գործիչին՝ Արշակ Չօպանեանի խօսքերը, հայրենասիրութեան ու հայ լեզուի անաղարտութեան հանդէպ աւելի քան պարտաւորեցնող են:

Ազգային կարեւորագոյն կառոյցը սփիւռքի տարածքին մէջ՝ հայ դպրոցն է: Մշտավառ կանթեղ է ան, որու ճառագայթներուն տակ հայ մանուկը ոչ միայն կը դաստիարակուի ու գիտելիքներ կ’ամբարէ, այլ նաեւ կը կազմուի անոր ազգային նկարագիրն ու պատկանելիութիւնը: Մենք, որպէս ստեղծագործ, ուսումնատենչ եւ շինարար ժողովուրդ, ոչ միայն յաջողած ենք զգետնել չարիքը յաճախ, այլ աշխարհի քաղաքակրթութեան բերած ենք մեր պատուաբեր մասնակցութիւնը:

Ազգապահպանումի ջանքերուն ընդհանուր յառաջխաղացքին մէջ կարեւոր, մեծ իրագործում մըն է անտարակոյս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վահան Թէքէեան Վարժարանը: Ան կանգնած է այսօր բարձրաճակատ ու հպարտ, որպէս վկայութիւն շինարար եւ ուսումնատենչ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին:

Համոզուած ենք, թէ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանէն ներս կը թրծուի վաղուան մեր գիտակից, յառաջապահ երիտասարդութիւնը: Հոս կը դարբնուի այլասերումի ահաւոր վտանգներուն դէմ պայքարելու հայու աննկուն հզօր կամքը եւ հոս կը ծաղկի հայու հոգին՝ աւիշովը մեր հազարամեայ մշակոյթին:

Հո­վա­նա­ւո­րութ­եամբ Վարժարանիս հոգաբարձութեան, Շաբաթ 1 Յու­լիս 2017-ին, կէ­սօր­է ետք ժա­մը 5:00-ին, «Յակոբ Պարսամեան» սրա­հէն ներս տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Ներ­կայ էին Լիբանանի Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քհն. Արապաթլեան, Վսեմաշուք Տիար Սամուէլ Մկրտչեան Լիբանանի մօտ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տօքթ. Աւետիս Տաքէսեան ու անդամներ, Վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տօքթ. Յովիկ Վարդանեան ու անդամներ եւ ծնող­ներ :

Լիբանանի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Վարժարանի օրհ­ներգ­նե­րը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ Վարժարանիս Հայոց Լեզուի, Գրականութեան ու Պատմութեան ուսուցիչ Պրն. Աւետիս Տիպան, որ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը ամուր բերդն մըն է, տաքուկ բոյն, ուսման վառ օրրան ու հայեցի դաստիարակութեան անմար օճախ մըն է, ուր հայ մանուկը կը թրծուի ազգային վեհ սկզբունքներով, ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ Աստուածասիրութեամբ:

Գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրը սկսաւ վարժարանիս «Կարս» պարախումբով, ուր մեծերու խումբը ներկայացուց Լիբանանեան ազգագրական պար մը, իսկ փոքրերը ամերիկեան «cow boy» պարը, որմէ ետք Նախ. Զ դասարանի աշակերտները խմբերգներով ելոյթ ու­նե­ցան ներ­կա­յա­ցնելով Արամայիս Սահակեանի «Հաւատքի Երգ», Գուսան Շահենի  «Հայերէն» երգերը, եւ «Թալլու Հապապնա» արաբական երգը: Այ­նու­հե­տեւ Միջն Գ. Դասարանէն Փիթըր Մուրատեան (թմբուկ) ու Դալար Գէորգեան (Շեփոր) նուագեցին «Ղարաբաղցի» երգը:

 Վահան Թէքէեան Վարժարանի կրթական խօսքն եւ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի զե­կոյ­ցը փոխանցեց տնօ­րէնուհի՝ Տի­կ.  Կալինա Նաճարեան, որ ներ­կա­յա­ցուց վարժարանիս կրթադաստիարակչական ոգին, տեղի ունեցած եւ ունեցող բարելաւման ու բարեկարգման աշխատանքները: Ան ուրախութեամբ անդրադարձաւ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն արձանագրած պատուաբեր արդիւնքը brevet-ի պետական քննութիւններուն, ուր 7  աշակերտներէն 6-ը յաջողած, որոնցմէ երկու հոգին ”լաւ” յիշատակութեամբ. յոյս յայտնելով որ միւս աշակերտն ալ յաջողութիւն կ’արձանագրէ 2-րդ հանգրուանին եւ այսպիսով վարժարանս կ’ունենայ հարիւր առ հարիւր յաջողութիւն: Ան նաեւ արժեւորեց վարժարանիս 66  տարիներու ունեցած դերն ու վաստակը մասնաւորապէս Լիբանանահայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց կրթական այս հաստատութիւնը յառաջադէմ եւ հզօր պահելու, որովհետեւ հայ դպրոցը հայ սփիւռքին մեծագոյն յաղթանակն է, ան խարիսխն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին, ինչպէս նաեւ երաշխիքը հայ կեանքի կենսունակութեան եւ հայեցի առողջ դիմագիծի պահպանման:

Յուզախառն մթնոլորտի ու ոգեւորիչ երաժշտութան ներքոյ բեմ բարձրացան Վահան Թէքէեան վարժարանի 2016-2017 տարեշրջանի աւարտական հունձքը:

Յանուն Զ. դասարանի շրջանաւարտներուն Արաբերէն լե­զուով ու­ղերձը ներ­կա­յա­ցուց շր­ջա­նա­ւարտ Տէյվիտ Գէորգ: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր անոնց, որոնք կը սա­տա­րեն վարժարանիս պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման, ինչպէս նաեւ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տնօ­րէ­նու­թեան, որ ճիգ չխ­նա­յեց ու­սում­նա­կան այս տա­րին ամ­բող­ջաց­նե­լու, ինչ­պէս նա­եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին իրենց անսակարկ ու հոգատար խնամքին համար: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ Նախ. Զ. դասարանի վկայականներու բաշխման արարողութիւնը ձեռամբ Վարժարանիս Հոգաբարձութեան անդամ՝ Տիար Պերճ Արապեանի, վարժարանիս տնօրէնուհիին եւ Զ. Դասարանի դաստիարակ՝ Օրդ. Սիլվա Մահտէսեանի :

Հրաժեշտի խօսքը Հա­յե­րէն լե­զուով յանուն Գ. Միջն.-ի շրջանաւարտներուն ներ­կա­յա­ցուց շր­ջա­նա­ւարտ աշակերտուհի՝ Կրէյս Ուլիկեան, որ ըսաւ. «Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը  ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Բարի նպատակ հետապնդող, ուսանողին հայեցի կրթութիւն ջամբող, աշակերտին դէմքին ժպիտ դրոշմող, ուսումնական ու կրթադաստիարակչական բարձր ոգի պարգեւող… եւ տակաւին շատ բարիքներ»: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը ձեռամբ Վսեմաշուք Տիար Սամուէլ Մկրտչեան Լիբանանի մօտ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպանի, Վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տօքթ. Յովիկ Վարդանեանի, Վարժարանիս տնօրէնուհիին եւ Միջն. Գ դասարանի դաստիարակ Տիկ. Սեւանա Տարագճեանի: Այ­նու­հե­տեւ հան­դի­սու­թեան բե­մա­վա­ր Տիար Աւետիս Տիպան ներ­կա­յա­ցուց մրցանակ ստացող աշակերտներու ցանկը:

Շրջանաւարտ աշակերտութեան Հուսկ Բանքը փոխանցեց  «Լիբանան-Հայաստան բարեկամական Միութեան» հիմնադիր, վարչական անդամ եւ ատենադպիր՝ Տիար Պերճ Արապեան: (Խօսքը կարդալ առանցին)

Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը իր աւարտին կը հասնի Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց քհն. Արապաթլեանի Պահպանիչով, որմէ ետք շրջանաւարտները հանդիսաւոր ու յաղթական քայլերով կ’իջնեն բեմէն: Ուրախութեան մթնոլորտը կը շարունակուի թեւածել Վարժարանիս հանդիսասրահէն ներս, ուր գովասանքի ու անկեղծ շնորհաւորական խօսքեր կը փոխանցուին վարժարանիս տնօրէնուհիին եւ ուսուցչակազմին:

  Շողշողուն ապագայ եւ անպարտելի երթ կը մաղթենք մեր շրջանաւարտներուն: Վարձքը կատար բոլորին:

                                                                                                                                                                                    Վահան Թէքէեան Վարժարանի

                                                                                                                                                                                      Լրատուական Գրասենեակ

Scroll Up