Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Սկսաւ Իր Աշխատանքները

Համազգայինի ուսանողական հաւաքի (Ֆորում) Լիբանանի խումբը հասաւ Երեւան եւ միացաւ 9 երկիրներէ եկած միւս ֆորումականներուն: Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ 8 յուլիսին, անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ 21 յուլիս` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքի ծրագիրը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ. առաջին` զբօսաշրջական, երկրորդ` այցելութիւն այնպիսի վայրեր, ուր պարզ զբօսաշրջիկի մը արտօնութիւն չի տրուիր երթալ, ինչպէս` զօրամաս, պետական համալսարան, խորհրդարան, մանկատուն, երրորդ` խմբային աշխատանքի դրութիւն:  Ասոնց զուգահեռ կայ դաստիարակչական ծրագիր մը:

1995 թուականէն ի վեր կազմակերպուող այս հաւաքին նպատակն է սփիւռքի տարբեր գաղութներէ  ուսանողներ համախմբել, անոնց միջեւ կապերու եւ բարեկամութիւններու հաստատման նպաստել, մանաւանդ որ այդ յարաբերութիւններու շարունակութեամբ կարելիութիւն կը ստեղծուի գաղութներուն միջեւ կապերու ամրապնդման:

Հաւաքի լուրերուն եւ նկարներուն կարելի է հետեւիլ` այցելելով Դիմատետրի Hamazkayin Forum էջը:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up