Հայերուն Թիւն Ամբողջ Աշխարհի ՄԷջ Մօտ 11 Միլիոն Է

Հայերուն թիւն ամբողջ աշխարհի մէջ մօտ 11 մլն է. բացի Հայաստանէն, հայերը կ’ապրին աշխարհի շուրջ 102 երկիրներու մէջ: Հայոց լեզուն օգտագործման առումով աշխարհի 7000 լեզուներէն 50-րդն է` հաշուի առնելով համացանցը, գրականութիւնը, գիտական աշխատանքները եւ խօսողներու թիւը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` յուլիս 10-ին բնակչութեան համաշխարհային օրուան ընդառաջ այս մասին յայտնեց ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեան:
«11 մլն հայերու 87 տոկոսը կ’ապրի 6 երկրի մէջ, այսինքն` համաչափ տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Քիչ թիւով հայեր կան 18 երկիրներու` Տոմինիքեան Հանրապետութեան` 75 մարդ, Սվազիլենտի մէջ` 10 մարդ: Մասաչուսէթսի արհեստագիտութեան հիմնարկի տուեալներով` հայերէնով կը խօսի մօտ 6-7 մլն ինքզինքը հայ համարող մարդ»,-ըսաւ Ադիբեկեան:
Անոր խօսքով` վերջին 10 տարիներուն Հայաստանի մէջ ամէն տարի կը ծնի մօտ 40,000 երեխայ: Սակայն եթէ անցեալին Հայաստանի մէջ քաղաքաբնակները կը նախատեսէին ունենալ 2-3 երեխայ, իսկ գիւղաբնակները` 3-4, ապա այժմ թիւը կրճատուած է` դառնալով 1-2: Հայաստանի մէջ 5-է աւելի երեխայ ունի կանանց 1,3 տոկոսը: Ծնելիութեան անկման պատճառը կանանց եւ տղամարդոց ամուսնութեան տարիքի բարձրացումն է` մօտ 30 տարեկան: Սակայն Ռուսաստանի մէջ հայ կինը ծնելիութեամբ 2-րդն է` չեչեններէն ետք: Ապահարզաններու թիւը Հայաստանի մէջ մնացած է նոյնը:
«ՄԱԿ-ն ունի կրճատուող, կայուն եւ աճող ազգերու ցուցակ: 2014-ին հայերը յայտնուած էին կրճատուող ազգերու ցուցակին մէջ: Սակայն յետոյ, երբ անոնք տեղեկացան, որ հայեր կան շուրջ 105 երկրի մէջ, մենք մտանք յաւերժ ազգերու ցուցակին մէջ»,-եզրափակեց Ադիբեկեան:
Յուլիս 11-ը ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի որպէս երկրագունդի բնակչութեան օր: Տօնին համար հիմք եղած են բնակչութեան թիւի մասին ՄԱԿ-ի տուեալները, համաձայն որոնց` 1987 -ի յուլիս 11-ին աշխարհի բնակչութիւնը հատած է 5 միլիարի սահմանագիծը: