Մեկնարկած են Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս Երթուղիով Չուերթները
«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ այսօր` Յունիս 28-ին, տեղի ունեցաւ Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս երթուղիի պաշտօնական բացումը:
Չուերթի պաշտօնական բացման ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պատուաւոր հիւրեր:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդուղիի գլխաւոր վարչութիւնը «Շամ ուինկս» օդանաւային ընկերութեան Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս երթուղիով թռիչքներ իրականացնելու թոյլտւություն տրամադրած էր: Չուերթները պիտի իրականացուին շաբաթը մէկ անգամ` իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի: