ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպած է Մտաւորականութեան Ներկայացուցիչներու Հետ

«Ազգ-բանակ 2017» համաժողովին ընթացքին ազդարարուած «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունիմ» ծրագիրներու հանրային քննարկումներուն ծիրէն ներս, Յունիս 27-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան՝ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ հանդիպած է մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ:

ՊՆ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպման մասնակիցները ծանօթացուցած է ծրագիրներով ընձեռուող հնարաւորութիւններուն, պայմաններուն եւ առաւելութիւններուն:

Ա­ռաջարկուող ծրագիրներու ներդրման վերաբերեալ՝ փոխանակուած են տեսակէտներ եւ կարծիքներ։

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներու հարցերուն` ընդգծելով, որ ծրագիրներուն ամբողջական փաթեթը կազմելու ընթացքին՝ հաշուի պիտի առնուին նաեւ հնչած կարծիքներն ու առաջարկները:

Scroll Up