Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Զինուորական Ծառայողներուն Ընտանիքները Բուժօգնութեան Անժամկէտ Հաւաստագիրներ Ստացած են
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Երեւանի քաղաքապետարանի «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ նախորդ տարուան Ապրիլին ռազմական գործողութիւններու ժամանակ առաջնագիծի վրայ զոհուած զինուորական ծառայողներու ծնողներուն տրամադրուած են սրտանօթային անվճար հետազօտութիւններու եւ բժշկական այլ միջամտութիւններու համար անժամկէտ հաւաստագիրներ:
«Ծրագիրին առաջին փուլով բժշկական կեդրոնին մէջ սրտանօթային հիւանդութիւններու յայտնաբերման եւ կանխարգելման առաջնային հետազօտութիւններ անցած են 25 զոհուած զինուորկան ծառայողներու ծնողներ:
Բժշկական կեդրոնի տնօրէն Լիտա Մուրատեան նշած է, որ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը ծնողներուն կեդրոնին կողմէ հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելն է: Ծրագիրին ծիրէն ներս ընդհանուր առմամբ՝ հաւաստագիր պիտի ստանան զոհուած 75 զինուորակա ծառայողներու ծնողներ: Հետազօտութիւններէն ետք, ըստ անհրաժեշտութեան, ծնողներուն պիտի տրամադրուի համապատասխան բուժօգնութիւն` ընդհուպ պիտի կատարուին վիրահատական միջամտութիւններ: Նախաձեռնութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:
Ծրագիրի մեկնարկին ծիրէն ներս բժշկական կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է նաեւ յուշ-ցերեկոյթ, որուն զոհուած զինուորական ծառայողներու ծնողներուն հետ միասին ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ էդուարդ Շարմազանովը, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանը, ՀՀ ԱԺ «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները, պաշտօնատար այլ անձիք: