Սէուտական Նախաձեռնութի՞ւն. «Չենք Կրնար Մեր Պատեանին Մէջ Ապրիլ Միայն»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/unnamed-7.jpg)
Արաբական ծոցի տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիան կը նկատուի այն եօթը երկիրներէն մէկը, որ Աստուածաշունչի մեր ընկերութեան աշխատանքային իմ պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ: Բայց նկատի ունենալով, որ երկիրը «գոց» է քրիստոնէական ներկայութեան համար, կարելի չէ եղած հոն այցելել աշխատանքային իմ երկար տարիներուս ընթացքին:
Հաւանաբար պէտք էր սպասել պատեհ օրուան եւ առիթին:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կրթական-գիտական եւ մշակութային հիմնարկ-յանձնաժողովն է, կազմակերպած էր իր եօթներորդ համախմբումը 3-4 մայիս 2017-ին, իսկ վայրը որոշած էր Ռիատ` Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքը: Եւ նկատի ունենալով, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր կեդրոնական գրասենեակը անդամ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ստացած էր հրաւէր` մասնակցելու այս ժողովին: Այդ հրաւէրին ընդառաջելը վստահուեցաւ ինծի` ներկայացնելու մեր կազմակերպութիւնը այս «գոց» երկրին մէջ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն իր այս տարեկան ժողովը կեդրոնացուցած էր երիտասարդական մտահոգութիւններու եւ ներկայի ընկերային-քաղաքական կեանքին մէջ անոնց դերին ու ներդրումին վրայ:
Բայց նախ պէտք էր մուտքի արտօնագիրը, ուր կար իմ անունս եւ անունը այն կազմակերպութեան, զոր պիտի ներկայացնէի: Եւ իմ պարագայիս` Աստուածաշունչի ընկերութիւնը:
Եւ «մտմտուքը» սկսաւ մէջս, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր պատասխանէի գործիս բովանդակութիւնը եւ անոր պարունակութիւնը պարզաբանելու վերաբերող հարցումին, զոր պիտի ուղղուէր դեսպանատան կողմէ` արտօնագիրը (չ)շնորհելէ առաջ:
Բայց պէտք է հաւատալ ու ակնկալել, որ կրնայ պատահիլ անսպասելին. այդպէս ալ եղաւ, մուտքի արտօնագիրը անցագիրիս մէջ զետեղուեցաւ առանց հարց ու փորձի: Եթէ առաջին «քննութենէն» ձեւով մը անցած էի, բայց տակաւին կար երկրորդը` օդակայանը:
Պաշտօնեային դէմքին վրայ ուրուագծուեցաւ ժպիտ: Մայրիներու մեր երկիրը ունի յատուկ ջերմութիւն մը` Արաբական ծոցի երկիրներուն համար: Ունեցանք «հաճելի» զրոյց, մինչ պաշտօնեան կը կատարէր կարգ մը սովորական ստուգումները: Եւ «հաճելի» զրոյցներն ալ արաբական օդակայաններուն եւ անոնց մշակոյթին մէկ մասն են: Այլ օդակայաններու մէջ նման երեւոյթի յաճախ չես հանդիպիր:
Համագումարին սկսայ մասնակցիլ աւելի հանգիստ եւ ինքնավստահ: Վերջապէս մուտք գործած էի «գոց» երկիրը, այդ ալ` պաշտօնական հանգամանքով: Ուզեցի տեսնել, թէ ի՛նչն է իւրայատուկը այս երկրին:
Համաժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 1500 ներկայացուցիչներ` 350 կազմակերպութիւններէ: Բաւական մեծ թիւով ներկայացուցիչներ` նաեւ Սէուտական Արաբիայէն, կարեւոր մասը` երիտասարդներ: Ժամանակս ու հանդիպումները առաւելաբար կեդրոնացուցի տեղացի սէուտցիներուն հետ տեսակցելով: Վերջապէս, կ՛ուզէի զգալ տեղական «բազկերակը», որպէսզի գիտնայի եւ հասկնայի, թէ ի՛նչ էր այդ «գոց»-ը:
Եւ իւրաքանչիւր երիտասարդ սէուտցիի հետ հանդիպումին սկսաւ քիչ մը աւելի «բացուիլ» ինծի համար «գոց» նկատուող այդ երկիրը: Սկսած էի տեսնել երիտասարդութիւն մը, որ ուսեալ եւ զարգացած է, տիրապետած է մէկ կամ երկու օտար լեզուներու, ստացած է համալսարանական բարձրագոյն վկայականներ, եւ որ կը խօսին հանգիստ եւ առանց քաշքշուքի: Իրենց երկրին նկատմամբ տածած անոնց սէրը` մշակոյթի պահպանումը, բայց նաեւ օտարին` «ուրիշին» նկատմամբ բացուելու անհրաժեշտութիւնը կարեւոր գրաւական էր բոլորին համար: Եւ իւրաքանչիւր երիտասարդի հետ հանդիպումին կար հիմնական մտահոգութիւնը` «կարելի չէ մեր պատեանին մէջ միայն ապրիլ այլեւս»: Կը զգայի, որ անոնք կ՛ուզէին տեսնել, բայց նաեւ ընդունիլ անոնք, որոնք իրենցմէ չեն եւ իրենց պէս չեն, եւ որ` պէտք է ապրին «անոնց» հետ նաեւ…
Դոկտ. Նուրա Մանսուրի միջին տարիքի սէուտցի մտաւորական կին մըն է: Ան պատասխանատու պաշտօնի վրայ է սէուտական «Գափսարկ» գիտա-հետազօտական հիմնարկին մէջ: Խօսեցաւ «դրական» աշխարհին մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս ներկայ օրերուն երիտասարդութիւնը պէտք ունի աւելի առողջ եւ նպատակասլաց կեանքի: «Պէտք չունինք հաւատալու, որ անցեալը միշտ աւելի լաւ է,- ըսաւ ան:- Այս դժուար եւ վտանգաւոր աշխարհին մէջ արժէ հաւատալ դաստիարակութեան, որ կ՛օգնէ քեզի անդրադառնալու, թէ ինչո՛ւ կ՛ապրիս այս աշխարհին մէջ»:
Դասախօսութենէն ետք մօտեցայ անոր: Թէեւ զգուշ էի ձեռքս երկարելու եւ բարեւելու, բայց արդէն ան զիս կանխեց եւ ձեռքը երկարեց, ու արդէն ընթացք առաւ մեր զրոյցը:
Երբ Նուրային կը փորձէի ներկայացնել Աստուածաշունչը եւ անոր կրօնական-մշակութային արժէքները, ան յայտնեց իր հիացմունքը: «Աստուածաշունչը կարդացած եմ, երբ Ամերիկա էի` իբրեւ ուսանող: Աստուածաշունչին մէջ կան բարձր արժէքներ, որոնց հանդէպ ունիմ յարգանք եւ սքանչացում»:
Նուրային դէմքին վրայ կար ինքնավստահութիւն, ան շատ հանգիստ կերպով դրսեւորեց իր կեցուածքը` գիտնալով հանդերձ, որ տարբեր կրօնի եւ մշակոյթի կը պատկանէինք: «Կրօնը ճիշդ պարունակով եւ բովանդակութեամբ պէտք է սորվեցնել,- ըսաւ ան:- Մեր` իսլամներուս հարցն ալ այս է ներկայ օրերուն: Եւ մեր` իսլամներուս ներքին միջյարանուանական տագնապն ու, տակաւին, արտաքին աշխարհին հետ դժուարութիւնը կը ծագի, քանի ճիշդ ձեւով չէ, որ կ՛ուսուցանենք մեր հաւատամքները»:
Նուրան մեր երկխօսութեան ընդմէջէն կը փորձէր ինք ալ «իր պատեանէն դուրս գալ»: Եւ Նուրային համար «դուրս գալը» սկսաւ ինքնիր անձէն: Եթէ անդրադարձած էր իր իրավիճակին, իր ինքնութեան, բայց նաեւ «դուրս գալով»` կը փորձէր հասկնալ նաեւ զիս եւ իմ ինքնութիւնս, կրօնս ու պատկանելիութիւնս:
Ռիատի օդակայանէն կը պատրաստուիմ վերադառնալ: Գալու ատեն «մտահոգութեամբ» մտայ նոյն օդակայանը, բայց հիմա դուրս կու գամ աւելի խաղաղ: «Խաղաղ», որովհետեւ հանդիպեցայ մարդոց, որոնք կը տեսնէին, թէ` «կարելի չէ միայն իրենց պատեանին մէջ ապրիլ»: Անոնք կը փորձէին դուրս գալ իրենց անձերէն` ճեղքելով «պատերը», որպէսզի տեսնեն «ուրիշը»:
Եւ արժէ նայիլ ներկայ օրերու աշխարհին:
Եթէ այսօր կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն «պատեր» հիւսել իրենց եւ իրենց երկիրներուն համար, երեւի` իրենց ապահովութեա՞ն եւ բարօրութեա՞ն համար: Բայց կան նաեւ անոնք, որոնք պատերը կը քանդեն, որովհետեւ` «չեն ուզեր իրենց պատեանին մէջ միայն մնալ»: Եւ երեւի կը փորձեն ու կ՛ուզեն տեսնել, թէ իրենց ապահովութիւնը նաեւ կախեալ է «ուրիշին» ապահովութենէն:
Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութիւնը մէկ լաւ օրինակ-փորձառութիւնն էր, որ ապրեցայ եւ հասկցայ, որ կարելի է «ուրիշը» հասկնալ, եթէ փորձես «քու պատեանիդ մէջ չմնալ»:
Եւ եթէ «դրական աշխարհ» մը շինելու ջատագովը պիտի ըլլալ, այդ մէկը ունի իր նախապայմանը:
Թէ` «կարելի չէ քու պատեանիդ մէջ միայն մնալ»:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ