Ապու Տապիի Արա Խանոյեան ազգային միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդես

Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 4-ին Ապու Տապիի Սուրէն Գոժագեան սրահէն ներս կատարուեցաւ Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարանի ամավերջին հանդէսը:
Հովանաւորութեամբ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Արժն․Քահանահօր, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ ծնողներու սկիզբ առաւ միօրեայ վարժարանի հանդէսը:

Ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած էր ճոխ յայտագիր մը, ուր աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ փունջ մը ասմունքներ, խմբային երգեր եւ պարեր: Հերթաբար մանկապարտէզի դասարանէն մինչեւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով ունեցան իրենց ելոյթները:
Բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տեսուչ՝ Տիար Ատիս Մուրատեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ լեզուի պահպանման եւ ուսուցման կարեւորութեան մասին , այն նշեց որ որ Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարանը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակից դարձնելու հայոց լեզուի,պատմութեան եւ քրիստոնիական դաստիարակութեան կարեւորութեանը, ինչպէս նաեւ շեշտեց ծնողքներու դերակատարութեան մասին եւ դպրոց ծնողք ամուր կապին որ կը նպաստէ որակեալ համագործակցութեան եւ անկէ բխող արտակարգ արդիւնաւէտութեանը։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծարայողներուն եւ նուիրատուներուն եւ շնորհաւորեց վկայական ստացող աշակերտութիւնը մաղթելով իրենց նորանոր յաջողութիւններ ։

օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկին Մարալ Պալապանեանը,
հանդէսի ընթացքին պաշտօնական բաժնին մէջ ելոյթ ունեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկին Սիրուն Գոժագեանը, ներկայացնելով անցնող տարեշրջանի վարժարանի ուսումնական իրավիճակը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Հայր Սուրբը, ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Արա Խանոյեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի կարեւորութեան ու անոր ստանձնած դերակատարութեան մասին, յատկապէս Ապու Տապիի Հայ համայնքի կեանքէն ներս: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձութեան կատարած աշխատանքներուն, որոնք մեծ նուիրումով ու զոհողութեամբ կ’աշխատին սերունդներ կերտելու դաստիարակութեան մէջ:
Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ազգային ծառայութեան եւ բարեսիրական գործի կարեւորութեանը, բարձր գնահատելով գաղութէն ներս ընդհանրապէս եւ յատկապէս վարժարանի բարերար Տիար Արա Խանոյեանի Ազգանուէր ծառայութիւնը եւ իր կատարած աշխատանքը :

Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ Տիար Արա Խանոյեանի Պարգեւատրումը Ապու Տապիի ազգային վարչութեան կողմէ ։

Մեր ջերմագին շնորհաւորանքները մեր սիրելի ու թանկագին աշակերտ-աշակերտուհիներուն, մաղթելով իրենց արեւշատ օրեր ու յարատեւ յաջողութիւն:

Ա․Խ․ Ազգային միօրեայ վարժարանի տեսչութիւն

Scroll Up