Նահանգային Ծերակոյտի Նորահաստատ Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Լոս Անճելըս-Երեւան Թռիչքներուն

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին մէջ նորահաստատ՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի ու Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը, Յունիս 6ին նամակ մը յղած է Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի տնօրէնութեան՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի միջեւ ուղղակի թռիչքներու սկսելու նախաձեռնութեան։

«Նկատի ունենալով, որ Քալիֆորնիան Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենահայաշատ նահանգն է, նման նախաձեռնութիւն մը զգալիօրէն պիտի նպաստէ երկկողմանի զբօսաշրջութեան եւ գործարարութեան աճին», յայտարարած է նշեալ յանձնախումբի ատենապետ Էնթընի Փորթանթինօ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան ողջունած է յանձնախումբին սոյն քայլը՝ յիշեցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը Հայ Դատի առաջնահերթութիւններէն մէկն է, որովհետեւ անիկա զարկ պիտի տայ երկկողմանի առեւտուրին եւ ընդհանրապէս պիտի սերտացնէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան եւ հայրենիքին միջեւ կապերը։

Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը հիմնուեցաւ անցեալ Մարտին։

Ատենապետ Փորթանթինոյի կողքին, նշեալ նամակը ստորագրած են նաեւ յանձնախումբի միւս անդամները՝ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէոն եւ ծերակուտականներ Թոնի Մենտոզա, Ճաշ Նիւմըն, Սքաթ Ուիլք:

Scroll Up