Երուանդ Բաբայեանի Անուան Շաբաթօրեայ Դպրոցի Տարեվերջի Հանդէսը

Քրեսենթա հովիտի Սրբոց Առաքելոց Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող եւ Երուանդ Բաբայեանի անունը կրող շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ Մայիս 20ին տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը:

Հանդէսին ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան, Երուանդ Բաբայեանի դուստրը՝ դոկտ. Սիլվա Քարայեան, ծնողներ եւ դպրոցի նախկին սաներ:

Միջոցառումը իր տեսակին մէջ բացառիկ էր եւ բաղկացած էր երկու մասերէ: Անիկա սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա շարունակուեցաւ մայրենի լեզուին եւ Հայաստանին նուիրուած երգերով ու բանաստեղծութիւններով: Երկրորդ մասին մէջ երեխաները հանդէս եկան աննախադէպ թատերական ներկայացումով մը, որ համեմուած էր Յովհաննէս Թումանեանի, Ղազարոս Աղայեանի, Շարլ Փերոյի հեքիաթներէն հիւսուած հերոսներով: Հեքիաթներու հերոսները իրենց խրատն ու պատգամը բերած էի հանդիսատեսին: Երեխաները իրենց ելոյթով մեծ ոգեւորութիւն պատճառեցին բոլոր ներկաներուն:

Դպրոցի տնօրէնուհի Քաղցրիկ Մանուկեան իր խօսքին մէջ մանկութիւնը նմանցուց վառ ու գունազարդ հեքիաթի, որուն միջոցաւ մենք կը սորվինք կեանքի բարոյական դասերը եւ կը յաջողինք զանազանել լաւը վատէն, կարեւորը՝ երկրորդականէն, լոյսը՝ խաւարէն:

Տնօրինուհին, անդրադառնալով ուսումնական տարուան աւարտին հետ առնչուած յուզումին եւ թախիծին՝ յիշեցուց, որ դպրոցի իւրաքանչիւր աւարտ նորի սկիզբն է նաեւ, աւելի լուսաւոր եւ գեղեցիկ, որ հիմնուած է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ անաղարտ հաւատքին ու մայր լեզուի իմացութեան վրայ:

Իր լաւատես եւ ոգեւորիչ խօսքերով ձեռնարկըը եզրափակեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան: Տէր հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցելու կարեւորութիւնը, յորդորեց ծնողներուն, որ մասնակցին եկեղեցւոյ միջոցառումներին եւ մանուկներուն եւս ամէն զոհողութեան գնով մօտեցնել եկեղեցւոյ եւ հայերէնին: Տէր հօր կողմէ գնահատանքի արժանացան ուսուցիչները, որոնք ջանք ու եռանդ չէին խնայած հանդէսը ինքնատիպ եւ իւրօրինակ դարձնելու համար, որովհետեւ ուսուցիչներն են ոսկեղինիկ հայոց լեզուի փոխանցողները եւ ուսուցիչներու շնորհիւ է, որ կը պահպանուի հայոց ինքնութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի սաները տէր հօր կողմէ ստացան իրենց աւարտական վկայականները:

Անգնահատելի է եկեղեցւոյ դերը, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր իր ուսերուն վրայ վերցուցած է մանուկը հայեցի կերպով կրթելու սրբազան պարտականութիւնը, քանի որ մեր մանուկները պիտի դառնան մեր լուսաւոր ապագան կերտողները:

asbarez.com

 

Scroll Up