Արեւմտահայերէնի պահպանման մասին ձեռնարկ ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի կեդրոնական յանձնաժողովի կազմակերպութեամբ

Չորեքշաբթի 17 Մայիս երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արթաքի Գալփաքեան վարժարանի «Հրանդ եւ Լուիզ Ֆէնէրճեան» կոկիկ հանդիսասրահը տակաւ առ տակաւ լեցուեցաւ ազգային տարբեր կառոյցներու դէմքերով, յունահայ ծանօթ մտաւորականներով, հայ քաղաքական զանազան հոսանքներու, կրթական ու մշակութային միութիւններու, ինչպէս նաեւ յունահայ մամուլի ներկայացուցիչներով, մեծաթիւ հիւրերով, կազմելով որակաւոր ընտրանի մը յունահայ համայնքի:
Ձեռնարկը սկսելէ առաջ, Նահապետ Ռուսինեանի խօսքերն
եղող «Կիլիկիա» ոգեշունչ երգը՝ գարնանային իսկական ծաղկունքի վերածելով սրահը՝ օրուան յայտագիրին կու տար հաղորդիչ այն բուրմունքը, որ յատուկ է արեւմտահայերէն լեզուի փառաբանման եւ Կիլիկեան Հայրենիքի արեւահամ Բառ ու Բանի ղօղանջները բարձրացնելու համար պատրաստուած հանդիսութեան, որոնց
շունչով տոգորուելու համար սրահ կը ժամանէին միջոցառման ներկայ գտնուիլ փափաքողները:
Արդարեւ, հանդիսութիւնը իր ներկայութեամբ պատուեց
Յունահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Հոգեշնորհ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան: Ներկայ գտնուեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի յատկապէս Ատենապետ՝ Դոկտ. Համբիկ-Սահակ Մարուքեան, Յանձնաժողովի Ատենադպիր՝ Մարի Բօնիրու եւ
Գանձապահ՝ Սեդրակ Ապասեան, որոնց բծախնդիր, ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ ակներեւ էր յաջողութիւնը ձեռնարկին: Բարի գալուստի եւ ողջոյնի աւուրպատշաճի խօսքով հանդէս եկաւ Յանձնաժողովի երիտասարդ եւ ժրաջան անդամ Սեդրակ Ապասեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց կենսագրական գիծերն ու
գրական գործունէութիւնը օրուան բանախօսին՝ Յակոբ Տիւնեայեանին, տալով որոշ մանրամասնութիւններ ալ յայտագիրին մասին:
Ապա հրաւիրուեցաւ բանախօսը՝ Յակոբ Տիւնեայեան, որ սպառիչ կերպով ներկայացուց իր նիւթը: Ան շեշտը դնելով գլխաւոր չորս կէտերու վրայ ըսաւ, թէ 19-րդ դարու կէսերէն արեւմտահայերէնի կերտիչները՝ արեւմտահայ գրողները, Զարթօնքի Սերունդէն
մինչեւ Արուեստագէտ Սերունդ եւ Սփիւռքահայ գրականութեան կազմաւորման տարիները, արեւմտահայ ականաւոր այդ հոյլը ոչ միայն հարստացուց արեւմտահայ գրականութեան գանձարանը, բառամթերքը, այլեւ նոր որակ տուաւ անոր՝ յատկանշուելով իբրեւ գեղարուեստական գեղեցիկ ու բարձր ճաշակի տէր գրողներ: Բանախօսը ընդգծեց, որ արեւմտահայերէնի պահպանումն ու անոր
կիրառական գործածութիւնը եւ սերունդէ սերունդ տարածման միջոցները պէտք է փնտռել մեր ամէնօրեայ սնունդը դարձնելուն մէջ՝ ամէ՛ն օր ընթերցելով անոնց գործերը, լսարաններու եւ ձեռնարկներու կազմակերպումով, մղելով նոր սերունդի տղաքն ու աղջիկները որ հետեւողականօրէն գրե՛ն, հայերէ՛ն երգեն ու ասմունքե՛ն, պահպանելու արեւմտահայերէնի հարուստ աւանդը ոչ միայն
Ապրիլ 24-ի օրը, այլ՝ ազգային զանազան տօներու առիթով հնչեցնելով
Թէքէեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Մեծարենցի եւ միւս մեծերուն գրական հարուստ ժառանգութիւնը:
Աւարտին, բանախօսը «Ծաղիկ»ի անունով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Միութեան Յունաստանի Կեդր. Յանձնաժողովի Վարչութեան՝ Ատենապետութեամբ Դոկտ. Համբիկ-Սահակ Մարուքեանին, սոյն շահեկան ձեռնարկը յաջողութեամբ պատրաստելուն համար: Բանախօսը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Յանձնաժողովի Գանձապահ եւ ժրաջան անդամ
Սեդրակ Ապասեանին, որուն նաեւ անսակարկ նուիրումով ճամբայ հանուած միջոցառումը հասաւ ամենայաջող աւարտի, ինչպէս նաեւ ներկաներուն՝ որոնք եկած էին ըմբոշխնելու տօնը արեւմտահայերէն լեզուի:
Վերջապէս առիթ տրուեցաւ ներկաներուն ուղղելու հարցումներ բանախօսին, որ համբերութեամբ, առարկայական եւ իրապաշտ մօտեցումով պատասխանեց բոլոր հարցումներուն, կոչ ընելով հայրենի կառավարութեան, որ Հայաստանի մէջ գլխաւոր օրակարգերէն մին դարձնէ արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման միջոցները՝ այսօ՛ր, ո՛չ թէ վաղը, նկատել տալով, թէ մի՛այն ԼԵԶՈ՛ՒՆ է որ ԿԸ ՄԻԱՒՈՐԷ ազգը՝ իր արեւելահայ ու արեւմտահայ հատուածներով, արեւելահայ ու արեւմտահայ գրական հարուստ
ժառանգութեամբ:
Բանախօսութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական
յայտագիր: Հրաւիրուեցաւ յունահայ համայնքի ծանօթ եւ սիրուած
արուեստագիտուի, տաղանդաւոր ասմունքող Տիկին Հուրիկ Սաաթճեան-Աղազարեանը,որ բացառիկ վարպետութեամբ, հաղորդական շունչով եւ խոր ապրումով ասմունքեց
Պարոյր Սեւակի «Կանք, Պիտի Լինենք» բանաստեղծութիւնը՝ հմայելով ներկաները: Պարոյր Սեւակ մեծ բանաստեղծը, որ հայ ժողովուրդին երկնեց իր անկրկնելի եւ գլուխ-գործոցը համարուող «Անլռելի Զանգակատուն» երկարաշունչ պոէմը՝ նուիրուած արեւմտահայ լեզուի մեծագոյն դարբիններուն, ջահակիրներուն, որոնք զոհ գացին 1915-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդր. Յանձնաժողովին կողմէ, Ատենապետ՝ Դոկտ. Համբիկ-Սահակ Մարուքեան յուշանուէր մը յանձնեց բանախօսին: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ ընթացքին ներկաները զրուցեցին բանախօսին
հետ՝ փոխանակելով իրենց կարծիքներն ու տեսակէտները: