Արսէն Գրիգորեանի Եւ Մակիչի Երգերը Թնդացուցին Նոր Գիւղը

Երէկ ինքնապաշտպանութեան կեդրոնի, այսօր կրկին ընտանեկան ջերմ հաւաքավայրի վերածուած Նոր Գիւղի պարտէզէն ներս Շաբաթ երեկոյեան կրկնակի տօն էր։
6 տարի հրթիռներու, ահաբեկչական յարձակումներու կուրծք տուած, հայ նահատակներու արեամբ ոռոգուած Նոր Գիւղը թնդաց ազգագրական երգերու վաստակաւոր մեկնաբան Արսէն Գրիգորեանի եւ արցախեան ազատամարտիկ, ազգային- յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) երգերով։Այս մասին «Հայեր այսօր»-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»-ի ֆէյսպուքեան էջէն:
27 Մայիսը կրկնակի տօն ու պատերազմէն խաղաղութեան անցումի պատմական օր էր հալէպահայութեան համար՝
Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի յիշատակութեան ու Նոր Գիւղի ընտանեկան բարեկարգուած պարտէզին բացումով։
Տօնական այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներ, Հայ-սուրիական Գործարարներու Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային մարմիններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարմնամարզական միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան նուիրուած երիտասարդներ եւ ՍԵՄ-ականներ։
Տօնական այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Թալին Մինասեան, ապա ազգային-յեղափոխական եւ ազգագրական երգերով հանդէս եկան հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Անոնք, իրենց խօսքը ուղղելով հալէպահայութեան, ըսին. « Մենք Հալէպ չենք եկած միայն երգելու համար, այլ հայրենի մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնելու հալէպահայութեան, որ պատերազմի արհաւիրքին մէջ պահեց ու պահպանեց հայ համայնքը։ Հայաստանի սահմանները լոկ աշխարհագրական սահմաններ չեն, այլեւ բարոյական են ու բարոյական այդ սահմաններուն մէջ ներառուած է հալէպահայութիւնը, սուրիահայութիւնը, որ պատուով դուրս եկաւ այս պատերազմէն եւ հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն՝ հպարտութիւն ներշնչեց մեր բոլորին։ Մենք հպարտ ենք ձեզմով, որ ձեր ինքնապաշտպանութեամբ, ձեր գործունէութեամբ բարձր պահեցիք հայուն արժանապատուութիւնը։ Պատի՛ւ ձեզ»։
Բանաստեղծական մէջբերումներով օրուան խորհուրդը փոխանցեց Խաժակ Տիլպէրեան։
Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի անկախութեան առաջին քայլերը, 27 Մայիսին զուգադիպող Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը, ապա շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ Արսէն Գրիգորեանը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարի խորհրդական նշանակուելուն առիթով։
Տօնախմբութեան մասնակցեցան Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը եւ հալէպահայ երգիչ Ճորճ Քալայճեանը։
Երեկոյթը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ուր միախառնուած էին ուրախութիւնն ու յուզմունքը։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Նոր Գիւղի հայ նահատակներուն անմեռ յիշատակը։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Յունիս Ա. համարով։