Հեծանուորդ Էտկար Ստեփանեան Թուլայի Կրան Պրիի Լաւագոյն Տասնեակին ՄԷջ

Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար հեծանուորդ Էտկար Ստեփանեան Թուլայի մէջ մասնակցած է «Կրան Պրի» մրցաշարին:

Ստեփանեան խմբակային վազքին գրաւած է 5-րդ հորիզոնականը, իսկ սքրեչին` 8-րդը:

Այս մասին կը յայտնէ ՀԱՕԿ պաշտօնական կայքը` յղում կատարելով  հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գեոզալեանին.

«Հեծանուահրապարակին մէջ ասիկա Էտկարի առաջին միջազգային մրցաշարն էր: Ան լաւ հանդէս եկաւ եւ երկու մրցաձեւերէն UCI-ի (Հեծանուորդներու միջազգային միութիւն) ցուցակին համար կարեւոր վարկանիշային միաւորներ վաստակեց»,- նշած է Արմէն Գեոզալեան:

Մայիս 24-ին Էտկար Ստեփանեան կը մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու Ալեքսանդր Լեսնիկովի յուշամրցաշարին:

 

 

Scroll Up