Պաթումի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսը Հանդիպեցաւ Կուրիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մայիս 16-ին Պաթումի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան այցելեց Վրաստանի Կուրիոյ երկրամաս, որուն վարչական կեդրոն Օզուրկեթի մէջ հանդիպում ունեցաւ Կուրիոյ նահանգապետ Կիա Սալուկուաձէի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ փոխնահանգապետ Կիա Էբրալիձեն, Օզուրգեթի քաղաքապետ Բեգլար Սիորիձեն, Օզուրգեթի քաղաքապետարանի (վարչական շրջանի) ղեկավար Մերապ Չանուկուաձեն եւ Կուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-վրացական համագործակցութեան ծիրէն ներս Կուրիա երկրամասի հետ Հայաստանի առեւտրատնտեսական եւ մշակութային կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Առանձնակի կարեւորութիւն տրուեցաւ ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս ալ քաղաքային եւ համայնքային մակարդակներով ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ծաւալման նպատակով ուղիղ կապով փոխշահաւէտ առնչութիւններու համար պայմաններու ստեղծման:

Նահանգապետ Սալուկուաձեն եւ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան շօշափեցին արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական մթերքի արտադրութեան, վերամշակման եւ մատակարարման ձեռնարկութիւններու կամ իրար տարածքներուն մէջ ատոնց մասնաճիւղերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ մշակութային հնարաւոր փոխանակումներուն առնչուող հարցեր:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայաստանի մէջ տնտեսական միջավայրի եւ ներդրումային պայմաններու մասին: Կողմերը հաստատեցին քննարկուած հարցերու կենսագործման ուղղուած քայլերու հետեւողական իրականացման իրենց մտադրութիւնը:

Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան կրթամշակութային խնդիրներ, որոնք կ’առնչուին կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութեան բարելաւման, սփիւռքահայութեան համար Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան հարցերուն:

%d5%a2%d5%a1%d5%a9%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%ab1

Scroll Up