Հակառակորդին Զինուժը Անցեալ Գիշեր Հրանօթ Կիրառած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/0345.jpg)
Մայիս 17 լոյս 18-ին, Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է մօտ 60 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 650 կրակոց:
Ըստ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (23 արկ), իսկ հիւսիսարեւելեան հատուածին` Դ-44 տիպի հրանօթ (18 արկ) եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (4 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնարկած են կանխարգելիչ քայլեր եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: