Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան Այցելած են «Պէյզ Մեթըլզ» Ընկերութեան Կաշենի Լեռնահանքային Համալիր

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին, Մայիս 10-ին, այցելած է «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան Կաշենի լեռնահանքային համալիր: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի մամուլի վարչութենէն։
Հայկական երկու պետութիւններու ղեկավարները ծանօթացած են գործարանի աշխատանքներուն եւ հեռանկարային ծրագիրներուն: