Խրիմեան Հայրիկին Նուիրուած Յիշատակի Հանդիսութիւն Լիբանանի ՄԷջ

Մայիս 3-ին, ժամը` 20:00-ին, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ պիտի կայանայ յիշատակի հանդիսութիւն` Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրուելու 125 եւ մահուան 110-ամեակին առիթով:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ձեռնարկը պիտի  նախագահէ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան: Օրուան բանախօսն է Լ. եւ Ս. Յակոբեան ազգային քոլեջի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:

Երեկոյի գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ կ’ունենայ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը (խմբավար` Զաքար Քեշիշեան):

 

 

Scroll Up