Երեւանի Հ. 147 Հիմնական Դպրոցն Անուանակոչուեցաւ Արցախի Հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի Անունով

Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այցելած է Երեւանի հ. 147 հիմնական դպրոց, որ Երեւանի աւագանիի որոշմամբ անուանակոչուեցաւ Արցախի հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի անուամբ: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ նորօրեայ հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի ծնողներն ու հարազատները: Արցախեան քառօրեայ պատերազմին  հերոսաբար զոհուած հայորդին 2003-2011թթ. յաճախած  է այս դպրոցը:

«Աւանդոյթներ ունեցող դպրոցն այսօր հպարտ է իր բազմաթիւ շրջանաւարտներով, որոնք մեր երկրի ու հասարակութեան համար դարձած են նուիրեալներ»,– նշած են ձեռնարկին մասնակիցներն ու նկատած, որ Ռոբերտ Աբաջեանով այսօր հպարտ է ոչ միայն անոր հարազատ կրթօճախը, այլեւ ողջ հայութիւնը:

Անուանակոչուած 147 հիմնական դպրոցի անուանատախտակը բանալու պատիւը վերապահուած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ Ռոբերտ Աբաջեանի հօրը` Ալեքսանդր Աբաջեանին:
Այնուհետ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ու Արցախի հերոսի ծնողները, հարազատներն ու ձեռնարկի մասնակիցները ծաղիկներ  խոնարհած են կրթօճախի բակին մէջ Աբաջեաններու ընտանիքին կողմէ տեղադրուած յուշաքարին` յարգանքի տուրք մատուցած հերոսի յիշատակին:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նկատած է, որ այս նախաձեռնութիւնը քաջ հայորդիի յիշատակը սերունդներուն մէջ վառ պահելու եւ անոր սխրանքը գնահատելուն ուղղուած կարեւոր քայլ է:

«Մեզանից իւրաքանչիւրը պարտաւոր է նման վերաբերմունք արտայայտել բոլոր այն հայորդիների յիշատակին, ովքեր, չխնայելով իրենց կեանքը, կռիւ են տուել յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան: Այս քայլը հայրենասիրութեան իւրօրինակ դրսեւորում է եւ ինչպէս այսօրուայ աշակերտները, այնպէս էլ եկող սերունդը, յաճախելով այս կրթօճախ, կ’իմանան, թէ ինչ հերոսներ են սովորել այստեղ ու, վստահ եմ, հայրենասիրութեան իրենց պատկերացումները կը գտնեն հէնց Ռոբերտ Աբաջեան հերոսի մէջ: Ուզում եմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել աւագանու բոլոր անդամներին, որ մեր առաջարկը միաձայն ընդունեցին: Մենք շարունակելու ենք մեր մշտական ուշադրութեան ու հոգածութեան ներքոյ պահել պատերազմում զոհուած բոլոր այն հայորդիների ընտանիքներին, ովքեր նման առիւծ երիտասարդներ են լոյս աշխարհ բերել: Մենք հպարտ ենք, որ ունենք նման հերոսներ ու թէեւ նրանք այսօր ֆիզիկապէս մեզ հետ չեն, բայց յաւերժ օրինակ են մեր մատաղ սերնդին դաստիարակելու համար», – նշած է Տարօն Մարգարեան:

%d5%a1%d5%a2%d5%a1%d5%bb%d5%b5%d5%a1%d5%b61 %d5%a1%d5%a2%d5%a1%d5%bb%d5%b5%d5%a1%d5%b62 %d5%a1%d5%a2%d5%a1%d5%bb%d5%b5%d5%a1%d5%b63 %d5%a1%d5%a2%d5%a1%d5%bb%d5%b5%d5%a1%d5%b64 %d5%a1%d5%a2%d5%a1%d5%bb%d5%b5%d5%a1%d5%b65

 

 

Scroll Up