Սիւնիքի Մէջ Ազատ Տնտեսական Գօտի Ստեղծելու Մասին Պայմանագիրը Ստորագրուած է

Ապրիլ 19-ին «Սիւնիք ազատ տնտեսական գօտի» ընկերութեան եւ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու մասին պայմանագիր: Անիկա ստորագրած են ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարար Սուրէն Կարայեանն ու «Սիւնիք ազատ տնտեսական գօտի» ՍՊԸ տնօրէն Էդուարդ Ղուկասեանը:

Պայմանագրի ստորագրումէն ետք ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան լրագրողներուն յայտնած է, որ գօտիի ստեղծման համար մշակոած են ծրագիրներ, գտնուած են ներդրող եւ ընդունուած է ազատ տնտեսական գօտի (ԱՏԳ) ստեղծելու մասին ՀՀ կառավարութեան որոշումը եւ ստորագրուած պայմանագիր կազմակերպիչին հետ, կը գրէ Aysor.am-ը:

«Առաջին փուլին կազմակերպիչին կողմէ պիտի իրականացուի մօտ 10 միլիոն տոլարի ներդրում, իսկ ԱՏԳ գործունէութեան ընթացքին կ՛ակնկալուի ներգրաւուել մօտ 120 շահագործող ընկերութիւններ, որոնք պիտի իրականցնեն 350-400 միլիոն տոլարի ներդրում, պիտի ստեղծուի աւելի քան 2500 նոր աշխատատեղ, իսկ միջին տարեկան արտահանումը պիտի կազմէ մօտ 80-100 միլիոն տոլար»,- ընդգծած է ան:

Կը նախատեսուի ազատ տնտեսական գօտին շահագործման յանձնել մինչեւ տարեվերջ:

Scroll Up