«Խոստումը» Ֆիլմին Հասոյթով Քալիֆորնիոյ Համալսարանին Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկ Պիտի Հիմնուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/the_promise.png)
Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմէն ստացուած շուրջ 20 միլիոն տոլարի հասոյթը պիտի ուղղուի Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւունքի դպրոցին մէջ նոր հիմնարկի ստեղծման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ Daily News-ը:
«Մարդու իրաւունքներու «Խոստումը» հիմնարկը մեր իրաւունքի դպրոցն ու այս համալսարանը պիտի դարձնեն մարդու իրաւունքներու կրթութեան առաջամարտիկ»,- նշած է իրաւունքի դպրոցի տնօրէն Ճենիֆըր Լ. Մնուքին: Ան ընդգծած է, որ 20 միլիոն տոլարը ամենամեծ նուիրատուութիւնն է, որ իրաւունքի դպրոցը երբեւէ ստացած է հիմնարկը ստեղծելու համար:
«Շատ մարդոց Հայոց ցեղասպանութիւնը յայտնի չէ: 102 տարի մշտական ժխտման արշաւ եղած է: Մենք յուսով ենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով առկայ մութը ցրուելով` կրնանք շարժուիլ առաջ եւ իսկապէս առաջատար ըլլալ մարդու իրաւունքներու հարցով կրթութեան, ուսումնասիրութիւններու, քարոզի եւ կրթաթոշակներու գործին մէջ»,- նշած է «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական դպրոցի մարսողական հիւանդութիւններու բաժնի համաղեկավար Էրիկ Էսրայէլեան:
Նոր հիմնարկին առաջին տնօրէնը պիտի ըլլայ իրաւունքի փրոֆէսոր Ասլի Պալին:
«Հայերը միայն սեփական պատմութեան վրայ չեն կեդրոնացած: Մենք կը ցանկանք, որ մարդիկ մեր պատմութենէն դասեր քաղեն, որ միւսներն այդ գիտելիքներէ օգուտ ունենան»,-նշած Էսրայէլեան:
«Խոստումը» ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21-ին: Հայաստանի կինոթատրոններուն մէջ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 27-էն։