Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Մարսէլի Համազգային Դպրոցի Եւ Փարիզի Դպրոցասէր Միութեան Վարժարանի Աշակերտները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/մարսել.jpg)
Ապրիլ 17-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Մարսէլի համազգային դպրոցի եւ Փարիզի դպրոցասէր միութեան վարժարանի 45 աշակերտներու` ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռի բարերար Սարգիս Պետոյեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ նշեց, որ արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է Ֆրանսայի այս երկու հայկական հաստատութիւններու աւարտական դասարաններու սաներու ամէնամեայ այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Վեհափառ Հայրապետն ընգծեց, որ այս ացելութիւնը իր անջնջելի դրոշմը պիտի ձգէ պատանիներու հոգիին մէջ եւ ուխտագնացութեան ընթացքին առ հայրենի երկիրը անոնց մէջ ձեւաւորուած սէրն ու յարգանքը նոր խանդավառութեան առիթ կը դառնայ անոնց համար:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորեց երիտասարդներուն ջանասիրութեամբ շարունակել իրենց ուսումնառութիւնը, որպէսզի ձեռք բերած գիտելիքներն ու հմտութիւնները ծառայեցնեն ֆրանսահայ համայնքին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զարգացման, հզօրացմանն ու բարօրութեանը: Այս առիթով Նորին Սրբութիւնն իր գնահատանքը բերաւ ֆրանսաբնակ բարերար Սարգիս Պետոյեանին աշակերտներուն այցերը հայրենիք պարբերաբար կազմակերպելու համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց ի դէմս երիտասարդներուն ուղեկցող մանկավարժներուն` երկու դպրոցներու ուսուցչական կազմին ու հոգաբարձուներուն իրենց նուիրեալ ջանքերուն եւ ազգօգուտ ծառայութեան համար:
Իր հերթին պրն. Սարգիս Պետոյեան, իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով Նորին Սրբութեան, ներկայացուց վարժարաններու ուսումնական եւ կրթական գործունէութիւնը: Իրենց ասմունքով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հաճելի անակնկալ մատուցեցին նաեւ աշակերտները:
Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման ուղղուած խնդիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Աւարտին Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ Սուրբ Աջի հովանին մաղթեց հայորդիներուն` պատգամելով ըլլալ ազգի արժանի զաւակները եւ այդ բարձր գիտակցութեամբ հասակ առնելով` իրենց օգտակարութիւնը բերել հայ ժողովուրդին: