Հակառակորդի Կրակոցէն Զինծառայող Մը Զոհուած Է

Մարտ 28-ին` ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորում  ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997թ. ծնունդ Արտակ Էդիկի Ռաֆայէլեան:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

 

Scroll Up