Հոլիուտի Ս․Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Ամէնամեայ Միջինքը

պահքի ճանապարհորդներու համար հոգեւոր ուրախութեան օր է Միջինքը: Այն Հայոց տօնացոյցի համաձայն տեղի կ´ունենայ Աղուհացի շրջանի 24-րդ օրը, որմով կը կիսուի մեծ պահքը: Այդ առթիւ յատուկ եկեղեցական արարողութիւններ չկան, բայց Հոլիուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ այն աւանդաբար կը նշուի մեծ շուքով:

Ուշագրաւ է, որ անցնող տարուան Նոյեմբեր 6-էն եկեղեցւոյ մէջ դադրեցուած են հոգեւոր արարողութիւնները եւ մեկնարկած է երկա՜ր սպասուած սրբազան վերաշինութիւնը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնէ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեան, չունենալով եկեղեցական պայմաններ եւ հաւատարիմ ձեւաւորուած սովորոյթին` 2017թ․-ի մարտ 22-ին, երեկոյեան 6․30-ին, ծխական անդամները կարօտով, սիրով եւ ուրախութեամբ հաւաքուած էին  եկեղեցւոյ «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր  իւրայատուկ հոգեպարար մթնոլորտի մէջ  տեղի ունեցաւ Հանգստեան ու Խաղաղական ժամերգութիւններ:  Մթնշաղին կատարուող հսկման ընթացքին ներկաներն ունեցան ինքնաքննութեան եւ խոկալու հրաշալի առիթ: Շուրջ 250 հաւատացեալներու շուրթերէն սրտաբուխ աղօթք կը  բարձրացուի նաեւ եկեղեցւոյ ապահով ու շուտափոյթ վերակառուցման, նուիրատուներու, սպասաւորներու, շինարարներու եւ Ս․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Մեծ Ընտանիքի անսասանութեան համար:

Ժամասացութեան աւարտին, առաքելական սովորութեան համաձայն, ներկաները ճաշակեցին սիրոյ ընթրիք: Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը պատրաստած էր գեղեցիկ անակնկալ` երեկոն համեմելով գեղարուեստական յայտագրով:

Հանդիսութեան սկզիզբը իր օրհնութեան խօսքը ըսաւ եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ Տ․ Մանուկ աւագ քահանայ Մարգարեան, ապա համայնքի տաղանդաւոր մտաւորականներէն Յարութիւն Ֆոդուլեան օրը համեմեց չարենցեան շունչով ու ոգով: Իր ազգային ու աշուղական կատարումներով ներկաներուն խանդավառեց «Ժողովրդական երգիչ» նախագիծի մասնակիցներէն Սուրէն Աւոյեան:

Նմանօրինակ հոգեմտաւոր ձեռնարկները` լի մշակութային ու անանց արժէքներով, ուժ  կը հաղորդեն Մեծ պահքի հաւատաւոր ուխտաւորներուն` դառնալով դեղ ու դարման հայենակարօտ ու ասուածասէր սրտերու համար:

Աւաւրտին հովիւի «Պահպանիչ» աղօթքով ու ջերմ բարեմաղթաննքերով ներկաները մեկնեցան` իրենց հետ տանելով սէր եւ օրհնութիւն:

%d5%b4%d5%ab%d5%bb%d5%ab%d5%b6%d6%84

 

Scroll Up