«Կ’ուզէի Շատ Ուժ Եւ Ուրախութիւն Մաղթել Ձեզ. Մեր Հայրենակիցները Կը Հաւատան Ձեզի. Ալպերթ Սեւինց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/IMG_9092.jpg)
Մարտ 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց գերմանահայ ճարտարապետ Ալպերթ Սեւինցը, որ Գերմանիոյ Րուրի աւազանին մէջ կը զբաղի ճարտարապետութեամբ, շինարարութեամբ, կառուցապատմամբ: Հայաստան եկած է բարեգործական նպատակներով, իր «Ալպերթ Սեւինց» հիմնադրամին միջոցով այստեղ նոյնպէս կ’իրականացնէ կառուցապատման աշխատանքներ:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը Հայրենիքի մէջ, մասնաւորապէս անդրադարձաւ անոր նոր ծրագիրներուն: Ան նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գումարուած է ճարտարապետներու համահայկական 3 համաժողովը, ստեղծուած է Ճարտարապետներու համահայկական ըկերակցութիւն, որ իրար կապած է տարբեր երկիրներու հայ ճարտարապետները: Նախարարն առաջարկեց ճարտարապետներու ընկերակցութիւն ստեղծել նաեւ Գերմանիոյ մէջ, կապուիլ համահայկական ցանցին հետ: «Շատ լաւ կը լինէր, որ դուք ձեր գիտելիքները, փորձը, կապերը, հնարաւորութիւնները փոխանցէիք հայաստանցի ձեր գործընկերներին: Ձեր առաջարկները, խորհուրդները կարեւոր են մեզ համար», – աւելցուց նախարարը:
Ալպերթ Սեւինց շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, հետաքրքրուեցաւ նախարարութեան գործունէութեամբ, կառուցուածքով, յառաջիկայ ծրագիրներով: Ոգեւորութեամբ տեղեկացաւ «Դուն ինչ ըրած ես Արցախի համար» շարժումին մասին, պատրաստակամութիւն յայտնեց միանալ շարժումին: Ան նշեց, որ Ստեփանակերտը շատ գեղեցիկ քաղաք է, ով կը տեսնէ, ոգեւորութեան զգացում կ’ունենայ: Եւ աւարտին անդրադառնալով նախարարութեան գործունէութեան` պարոն Սեւինց աւելցուց. «Կ’ուզէի շատ ուժ եւ ուրախութիւն մաղթել Ձեզի: Մեր հայրենակիցները կը հաւատան Ձեզի»: