«Վարդանանց Ոգին Թող Ամուր Մնայ Ձեր Սրտերուն ՄԷջ»․ Տէր Առաքէլ Քահանայ Ամիրեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/մոսկվա4.jpg)
Մարտ 5-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» բեմին վրայ ձեռնարկ էր` նուիրուած աշխարհի մէջ յանուն Քրիստոնէութեան տեղի ունեցած առաջին ճակատամարտի սուրբ նահատակներուն` Վարդանանց քաջերուն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն, պատմութեան ուսուցչուհի Սիլվա Կիւլիշեանի հեղինակած ձեռնարկը կոչուած էր վերահաստատելու 5-րդ դարու եւ մերօրեայ հազկերտներուն ուղղուած նամակը․«Այս հաւատքէն մեզի ոչ մէկը կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»: Եւ որպէս վկայութիւն ըսուածին` հանդիսատեսը` կրթօճախի սաներուն ներկայացմամբ, մասնակիցը եղաւ Արտաշատի ժողովին, Ղեւոնդ երէցի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած դիմադրութեան եւ Աւարայրի ճակատամարտին: Ապա, ինչպէս Եղիշէն կը վկայէ. «Քաջերը ելան քաջերու դէմ եւ որեւէ կողմ չյաղթեց»: Իսկ «Քաջերը քաջերու դէմ ելան» Մարգարիտա Գրիգորեանի` հայկական անզուգական պարային բեմադրութեամբ` իր ղեկավարած «Վարդավառ» համոյթի պարողներով:
Պարային համարը կարծես դահլիճ բերաւ Աւարայրի ճակատամարտի պայքարի ոգին, անձնազոհ ընթացքը եւ աննկուն աւարտը: Իսկ Սիլվա Կիւլիշեանի մանրակրկիտ մշակուած սենարը սկիզբէն մինչեւ վերջ լարուած եւ կլանուած մթնոլորտի մէջ պահեց հանդիսատեսը: Եւ որ առաւել խորհրդանշական է` Վարդանը չինկաւ: Չինկաւ, քանի որ իր կատարած գործի վեհութիւնը յենարան դարձաւ իրեն, չինկաւ, որովհետեւ զօրքի սակաւութեան պատճառով չյաղթելով ճակատարամարտին` յաղթեց վերջնական արդիւնքով:
«Մենք բոլորս վերապրեցանք Աւարայրի դաշտին մէջ տեղի ունեցածը: Վերապրեցանք մեր մեծերու խօսքն ու քայլը, եւ ես վստահ եմ, որ այս ձեռնարկը ողջ կեանքի դաս էր ձեզի համար: Դուք վերահաստատեցիք, որ որւեէ բան չի կրնար ձեզի հեռացնել ձեր հաւատքէն, որ ամրագրուած է իբրեւ մաշկի գոյն: Կեցցէ՛ք դուք եւ ձեր ուսուցիչները, որ մեզի այպիսի անկրկնելի պահեր նուիրեցիք: Ձեզի կը փոխանցեմ մեր սիրելի Սրբազան Հօր սէրը, օրհնութիւնն ու պատգամը, որ Վարդանանց ոգին ամուր, կայուն մնայ ձեր սրտերուն մէջ»,- դիմելով մասնակիցներուն` ըսաւ «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան:
Վարդանանց տօնին նուիրուած ձեռնարկը մեկնարկեց Լենա Բեգլարեանի ղեկավարած «Նորահրաշ» համոյթի վոկալիստներուն կողմէ նոյնանուն շարականի կատարմամբ եւ աւարտեց Վարդան Մամիկոնեանին եւ իր քաջերուն նուիրուած երգերով: Իսկ բեմի ձեւաւորման հարցով հեղինակ Սիլվա Կիւլիշեանի մտայղացումը ձեւաւորումներով լրացնելը կեանքի կոչած էին Հրաչուհի Մարտիրոսեան եւ իր ղեկավարած նկարչական խմբակի սաները:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ տիկին Կիւլիշեան ինծի վստահեցաւ մեր ազգի հերոսի կերպարը կերտելը: Ես կարծես կը զգայի մեր քաջ նախնիներու զայրոյթը, որ անոնք պատասխանած էին Հազկերտին եւ հպարտութիւն ու պատասխանատուութիւն կը զգայի անոնց ժառանգը ըլլալու համար»,- այն հարցին, թէ ինչ զգոցողութիւններով կը մարմնաւորէր Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը` ըսաւ հերոսի դերակատար Էտուարտ Իսկանտարեան: