Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 28 Փետրուարին, վարժարանս հիւրընկալեց այս օրերուն Լիբանան գտնուող ամերիկաբնակ հայ պատմաբան, դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ հանրածանօթ է Հայաստանի, Անդրկովկասի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան հարցերուն, Հայաստանի 20-րդ դարու սկիզբի, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատմագրութեան նուիրուած իր աշխատութիւններով եւ հեղինակած գիրքերով:  Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը հաղորդեն Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի լրատուական մարմնէն:

Վարժարանիս աշակերտներուն հետ հանդիպման սկիզբը, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան ներկայացուց փրոֆեսորը, այնուհետեւ, վերջինս խօսք առնելով անդրադարձաւ իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ ամերիկահայ կեանքի պայմաններուն մասին, երբ սկսած է իր մէջ զօրանալ հայերէնին տիրապետելու հզօր ցանկութիւնը: Ան խօսեցաւ իր հեղինակած գիրքերուն, որոնք բոլորն ալ կը վկայեն իր գիտական բերքին մասին, որուն միջոցով ան հայ հաւաքականութեան մէջ ունեցած է իր գնահատելի դերն ու ներդրումը: Ան նաեւ վաւերագրական ժապաւէններ ցուցադրեց իր դստեր՝ Անի Յովհաննէսեան Գրիգորեանի կատարած գիտաշխատական այցելութենէն պատմական Մուսա Լեռ եւ հանդիպումը համշէնահայութեան հետ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններուն արժանացած փրոֆեսոր Յովհաննէսեան աշակերտները մղեց լաւ գիտնալու հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը, պահելու իրենց մշակութային արժէքները, ինչպէս նաեւ գիտակցելու ցեղասպանութիւնը վերապրած ազգ ըլլալու կարեւորութեան եւ անկէ մղուելով անեղծ պահելու մեր հայկական ինքնութիւնը:

Աւարտին, տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան նախ շնորհաւորեց փրոֆ. Յովհաննէսեանը, որ, ծնած ըլլալով ամերիկեան օտար միջավայրի մէջ, կրցած է ոչ միայն տիրապետել հայոց լեզուին եւ պատմութեան, այլ նաեւ մեր ազգային պատմութիւնը լաւապէս տարածել եւ փոխանցել թէ՛ հայերուն եւ թէ օտարներուն: Տիկ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շինիչ հանդիպումին համար եւ մաղթեց, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պատմաբանը օրինակ հանդիսանայ ներկայ եւ գալիք նոր սերունդին:

%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%ba%d5%b8%d5%b5%d5%a1%d5%b61%d5%b0%d5%a1%d6%80%d5%ba%d5%b8%d5%b5%d5%a1%d5%b62

Scroll Up