Դրամահաւաքի Ձեռնարկը՝ Ի Նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Նահատակուած Հայ Զինուորներու Ընտանիքներուն

Ասպարէզ-Օգտուելով Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարիչ՝ վերապտուելի դոկտ. Վահան Թութիկեանի այցելութենէն Հարաւային Քալիֆորնիա, Հայ Աւետարանական Կիլիկիա եկեղեցին Կիրակի, Փետրուար 12ին կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու իրենց առաքելութեան ընթացքին նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն։

Օրուան պաշտամունքին ընթացքին, վերապատուելի Թութիկեանի մատուցած հոգեւոր սնունդը վայելելէ ետք, ներկաները՝ աւելի քան 120 հոգի, հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահը, վայելելու համար Վիգէն Շնորոգեանի հովանաւորած ճաշը եւ անոր յաջորդած գեղարուեստական յայտագիրը, որուն ընթացքին բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Շոփենի ու այլ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ հրամցուցին քոյր եւ եղբայր Արփի եւ Արմէն Սամուէլեանները։

Ապա, յատկապէս այս ձեռնարկին համար հրաւիրուած Անէթ Պաղտասարեանը ներկաներուն հետ բաժնեց 20 տարի առաջ իր զինուորագրուած եղբօր մահուան փորձառութիւնը։ Ան նաեւ շեշտեց նահատակ զինուորներուն նեցուկ կանգնելու նպատակով՝ Ամերիկայի հայ աւատարանչական միութեան տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը։

Հանդիսավար Ներսէս Արոյեան ստանձնեց դրամահաւաքի աշխատանքը, որուն շնորհիւ, կարելի եղաւ աւելի քան 4000 տոլար գոյացնել այս նպատակին համար։ Գումարը զինուորներու ընտանիքներուն պիտի փոխանցուին Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան միջոցաւ։

Նշենք, որ սոյն ճաշկերոյթը կազմակերպելու գործին մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած էր Ալիս Տէրեան։

Scroll Up