Կումայրի Կեդրոնի Զարգացման Նախագիծ Պիտի Մշակուի

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան այսօրուան նիստին յանձնարարած է փորձնական նախագիծ մշակել Գիւմրիի Կումայրի պատմական կեդրոնի զարգացման համար:

«Հաշուի առնելով Գիւմրի քաղաքի Կումայրի պատմական կեդրոնի զարգացման նոր ծրագրի հանդէպ հանրային ուշադրութիւնը եւ ակնկալելով մասնագիտացուած խորացուած գործընթաց` Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահին կը յանձնարարեմ մինչեւ Յունիս 10-ը ծրագիրով որոշուած տարածքի սահմաններուն մէջ առաջնահերթութեան կարգով առանձնացնել հիմնական թաղամաս մը եւ մշակել ատոր մանրամասն յատակագծման եւ ճարտարագիտական ենթակառուցուածքներու նախագիծերը»,- ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Նախագծային աշխատանքներու համակարգման նպատակով վարչապետը յանձնարարած է աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել «Հայնախագիծ» ընկերութեան արուեստանոցի ղեկավար Սաշուր Քալաշեանը:

Scroll Up