«Արցախ» Ազգագրական Պարերու Համոյթը Բաց Դասեր Կը Կազմակերպէ Ստեփանակերտի ՄԷջ

«Արցախ»  ազգագրական պարերու համոյթի նախաձեռնութեամբ այսուհետ Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացուին բաց դասեր:

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին «Արցախ» ազգագրական պարերու համոյթի անդամ, պարուսոյց Թամար Սարգսեան նշած է, որ ամէն հինգշաբթի` ժամը 19:00-ին, բոլոր անոնք, որոնք ցանկութիւն ունին մասնակցելու պարի բաց դասերուն կրնան այցելել Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան համար 1 հիմնական դպրոց, ուր ալ տեղի կ´ունենան  պարապմունքները:

«Բաց դասերու առաջնահերթ նպատակներէն մէկն այն է, որ պարը բեմէն իջնէ եւ իր տեղը վերագտնէ հասարակութեան լայն շրջանակներուն մէջ: Այս առումով, իմ կարծիքովս մենք կարեւոր աշխատանք կ´ընենք»,- ըսած է Թ. Սարգսեան:

 

 

Scroll Up