Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժպրան Պասիլի Այցելութիւնը ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոն

Երեքշաբթի, 24 Յունուար 2017-ի երեկոյեան, ժամը 7.00 –ին, ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնէն ներս եւ դուրս կը տիրէր տօնական աշխոյժ ու խանդավառ մթնոլորտ: Երեկոյեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտներ արդէն պատրաստ վիճակի մէջ շարուած էին Կեդրոնի մուտքին եւ անհամբեր կը սպասէին դիմաւորելու համար Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարար եւ միաժամանակ Լիբանանեան Ազգային Ազատ Հոսանքի նախագահ Տիար Ժպրան Պասիլը, որ հասաւ ճիշդ որոշեալ ժամուն:
Յարգարժան նախարարի Տէմիրճեան Կեդրոն մուտքի ժամանակ ՀԵԸ-ի փողերախումբը նուագեց Լիբանանեան քայլերգը հուսկ ապա խանդավառ երաժշտութիւն՝ բարձրացնելով տրամադրութիւնները:
Օրուայ թանկագին հիւր՝ նախարար Պասիլ, ջերմ ու հաճելի, միաժամանակ պաշտօնական ընդունելութեամբ մը դիմաւորուեցաւ այդ օր Լիբանան գտնուող ՀԲԸՄ-ի նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջ. Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի, ՀԵԸ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չէրչեանի, Շրջ. Յանձնաժողովի վարիչ տնօրէն Անիթա Լիպիարի եւ բազմաթիւ այլ վարչական անդամներու կողմէ:
Փոխադարձ ծանօթացման ծիրէն ներս կազմակերպուած սոյն հանդիպումը, պահ մը դուրս եկաւ իր պաշտօնական հանգամանքէն եւ ընթացաւ մտերմական գաղջ մթնոլորտի մը մէջ: Առաջին հերթին նախարար Պասիլ հետաքրքրութեամբ, նաեւ ուրախութեամբ շրջեցաւ Տէմիրճեան Կեդրոնի բոլոր յարկերը եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ հոն կատարուող ընթացիկ աշխատանքներով ու իրագործուող գործունէութեամբ:
Աւարտելէ ետք շրջագայութիւնը Կեդրոնէն ներս, յարգելի հիւրը առաջնորդուեցաւ Բ.յարկի սրահը, ուր հաճելի տրամադրութեան մէջ զինք կը սպասէր բազմամարդ ամբոխ մը, որոնց մէջ՝ նախարար Ժան Օղասափեան, երեսփոխաններ Շանթ Չինչինեան, Յակոբ Գասարճեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Միութեանս բարերարներէն Աւետիս Տէմիրճեան եւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ենթակառոյցներէն վարչական-վարչականուհիներ, Միութեանս երեք վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ եւ միութենանուէր հոծ անդամութիւն:
Ծափերու տարափի տակ նախարար Պասիլ եւ հիւրընկալներ գրաւեցին իրենց տեղերը եւ ուրախ տրամադրութեանց մէջ հնչող Լիբանանի ու ՀԲԸՄ-ի քայլերգներէն ետք երեկոն սկսաւ Անիթա Լիպիարի բացման խօսքով, ուր ան իր բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մտերմիկ ջերմութեամբ եւ ապա հրաւիրեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չէրչեանը, որպէսզի յաւուր պատշաճի կատարէ Միութեան խօսքը՝ ուղղուած յարգելի հիւրին:
Պարոն Չէրչեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի տարիներ շարունակ Լիբանանէ ներս կատարած դերին ու տեղին, նամանաւանդ անոր երկարամեայ Մարդասիրական, Կրթական, Մշակութային, Մարզական, ու Երիտասարդական առաքելութեանց, ողջունեց նախարար Ժպրան Պասիլի ներկայութիւնը Միութեան հարազատ յարկէն ներս, եւ թուարկեց նախարար Ժպրան Պասիլի ունեցած բարձր արժանիքները՝ թէ՛ որպէս Արտաքին Գործոց նախարար եւ թէ՛ որպէս Լիբանանէ ներս իր քաղաքական ու ընկերային գործունէութեամբ ծանօթ «Ազգային Ազատ Հոսանք»ի նախագահ: Ան, շեշտեց, թէ Ժպրան Պասիլ, շնորհիւ իր բացառիկ հմտութեան, շրջահայեացութեան ու հեռատեսութեան, կարեւոր ու արժէքաւոր դէմք մըն է Լիբանանեան հայրենիքի քաղաքական դաշտէն ներս: Նախարարին այցելութիւնը ան նկատեց ժամանակի իմաստով օգտակար այցելութիւն, որուն համար յայտնեց իր շնորհակալութիւնը:
Վիգէն Չէրչեանի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Միութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեան: Յարգելի նախագահը, հակիրճ ու իմաստալից արտայայտութեամբ, նաեւ բովանդակալից մանրամասնութեամբ ներկայացուց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախ հիմնադրութեան պայմանները, ապա անոր 110-ամեայ պատմութիւնը, երթալով մինչեւ 1906՝ Եգիպտոս: Ապա, ան անդրադարձաւ Միութեան հիմնադիր նախագահին՝ Պօղոս Նուպար Փաշային ունեցած քաղաքական հարուստ առաքելութեան ու գործունէութեան՝ Հայ Դատի եւ Հայկական Իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտներէն ներս, ջատագովեց ՀԲԸՄ-ի արժանաւոր հիմնադիրին այդ օրերուն ունեցած ազգային քաղաքական գործունէութեան ծիրը, որ ժամանակի հետ քայլ պահելու պահանջքի մը դրսեւորումն էր:
Ան, մատնանշեց միաժամանակ այն, թէ Պօղոս Նուպար Փաշա, իր օրերուն ծաւալելով ազգային քաղաքական բեղուն ու օգտաշատ գործունէութիւն, երբեք չբաւարարուեցաւ մնալ զուտ բարեսիրական ու բարեգործական առաքելութեան սահմաններուն մէջ, եւ Միութիւնը առաջնորդեց դէպի քաղաքական լայնածիր հորիզոններ՝ մնալով սակայն ազգային գաղափարախօսութեան հովանոցին տակ:
Մեթր Սեդրակեան ապա անդրադարձաւ հայութեան Միջին Արեւելքէ ներս եւ նամանաւանդ Լիբանանէ ներս ունեցած մէկդարեայ գաղութային կեանքին, ու ժամանակի սլացքին հետ հայոց դէպի Արեւմուտք պարտադիր տեղաշարժին ու արմատներուն կառչած մնալու հաստատ նկարագրին մասին, միաժամանակ թուելով լիբանանահայերու Լիբանանեան հայրենիքին ու արաբականութեան նկատմամբ ունեցած բացառիկ նախանձախնդրութեան մասին, թուարկելով հայ մարդուն Հայաստանին ու Լիբանանին հանդէպ հայրենասիրական հաւասար հեռաւորութիւն ունենալու բացառիկ հանգամանքին մասին:
Պարոն Սեդրակեանի համապարփակ արտայայտութենէն ետք տիկին Լիպիար հրաւիրեց նախարար Ժպրան Պասիլը, որպէսզի ներկայ հասարակութիւնը հաղորդակից դարձնէ իր զգացումներուն եւ արտասանէ իր սրտին խօսքը: Պէտք է արձանագրենք, որ նախարար Պասիլ, պարզ, յստակ, թափանցիկ ու պետական մարդու հասունութեամբ խօսեցաւ հայութեան Լիբանանէ ներս գրաւած դիրքին, աշխատասիրութեան, բծախնդրութեան, հաւատարմութեան ու որպէս քաղաքացի հայերու ունեցած գնահատելի ներդրումին մասին, զոր որակեց օրինակելի ու տիպար:
Ան անդրադարձ կատարեց Լիբանանցիներու եւ հայերու ճակատագրային նմանութեան մասին եւ երկու ժողովուրդներու ունեցած տեղաշարժերը դրաւ հաւասար յայտարարի տակ, նամանաւանդ մատնանշելով կամքէ անկախ անոնց դէպի Արեւմուտք արտագաղթը: Նախարար Ժպրան Պասիլ, այս առիթով շեշտը դրաւ Մայրենի Հողին կառչած մնալու կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան մասին, այս կապակցութեամբ ալ ան բացառութիւն որակեց հայութեան իր արժէքներուն հանդէպ ունեցած սէրը, յարգանքը ու նախանձախնդրութիւնը, փափաքելով, որ արտասահման գաղթած լիբանանցիներ օրինակ վերցնեն հայութենէն:
Նախարար Պասիլ, իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութեան, այս բացառիկ հանդիպման մասին, զայն որակելով օգտաշատ ու բարի հանդիպում, ցանկութիւն յայտնելով միաժամանակ, թէ նման հանդիպումներ օգտակար են փոխադարձ ճանաչողութեան ու գործակցութեան համար:
Հանդիպման աւարտին, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան, ներկաներու երկարատեւ ծափերուն տակ լիբանանեան «Մայրի ծառը» խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեց թանկագին հիւրին, միաժամանակ գնահատելով նախարարին այցելութիւնը Միութեանս Կեդրոնը:
Եզրափակելով, պիտի արդարօրէն արձանագրենք, որ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը հայութիւնը դէպի օտար միջավայրեր ու տարբեր շրջանակներ ծանօթացնելու եւ նամանաւանդ մեր Դատը հրապարակային նախաձեռնութիւններով բարձրաձայնելու քարոզչութեան մէջ կը կատարէ գնահատելի ճիգ ու ջանք: Արդարեւ, այս ուղղութեամբ, տակաւին միտքերու մէջ շատ թարմ է թուականէս մօտաւորապէս քառասուն օրեր առաջ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ կազմակերպուծ եւ օտար ու տեղացի պատմաբաններու ու մասնագէտներու կողմէ հրապարակուած ու «Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Օր» կարգախօսի տակ գումարուած լսարանը:
Բարի երթ Հայկական բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:

%d5%b0%d5%a2%d5%a8%d5%b4-%d5%ac%d5%ab%d5%a2%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%b61 %d5%b0%d5%a2%d5%a8%d5%b4-%d5%ac%d5%ab%d5%a2%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%b62

Scroll Up