Պելճիգահայ Աշակերտները Հանդիպած Են Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսին

Յունուար 22 ին Հայոց բանակի 25-ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս Պելճիգայի Թագաւորութեան Քորթրիյկ քաղաքի «Նարեկ» հայկական դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է աշակերտներու հանդիպումը Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ վիրաւորուած Հայ Զինուոր Արման Աւետիսեանի հետ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Արտակ Ժամհարեան` աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորած են Զինուորին: Անոնք Արմանին համար նախապատրաստած էին փոքրիկ հանդէս` ի պատիւ հայոց բանակին եւ Հայ Զինուորին:
Հանդիպման ընթացքին Արմանը պատասխանած է երեխաները յուզող հարցերուն: Դասարանին մէջ տիրող հայրենասիրական մթնոլորտը յուզած է բոլոր ներկաները: