Տինքի 10-րդ տարելիցին առթիւ՝ Եւրոպայի հայկական խորհուրդի բանախօսութիւն-վիճարկումը

Նոր Յառաջ- Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին օրը՝ Յունուար 19-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ «Ն. Ֆրէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հայկական խորհուրդի կազմակերպած «Մամլոյ, արտայայտութեան, մտածումի ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ» նիւթով բանախօսութիւն-վիճարկումը:
Բանախօսելու հրաւիրուած էին թուրք ծանօթ մտաւորական եւ հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլու, «Նուվէլ տ՚Արմենի Մակազին»-ի խմբագրապետ Արա Թորանեան, թուրք լրագրող, գրող Էրոլ Էօզքորայ եւ լրագրողուհի Վիլմա Գույումճեան:
Նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ Հրանդ Տինքի յիշատակը:
Ապա, «Նազարբէկ» երիտասարդական միութենէն Արարատ Եշիլչիմէն խօսք առնելով ըսաւ, որ Տինքի սպանութիւնը յենլով քաղաքական պատճառներու, անիմաստ պիտի ըլլար անոր յիշատակը ոգեկոչել առանց կատարելու քաղաքական վերլուծում մը եւ այդ պատճառաւ ալ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը: Ողջունելէ ետք Առաջնորդ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանը, Առաջնորդական փոխանորդ Գրիգոր աբղ. Խաչատրեանը, Փարիզի եկեղեցւոյ հովիւ Յուսիկ քհնյ. Սարգսեանը, Փարիզի եւ Ալֆորվիլի ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները, ՍԴՀԿ-ի Ֆրանսայի նախագահ Գէորգ Սաչլեանը եւ լսարանը, խօսքը փոխանցեց բանախօսներուն:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած ելոյթներու ընթացքին արծարծուեցան Տինքի գաղափարախօսութեան ազդեցութիւնը Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի հայ համայնքներուն վրայ, թրքահայ երիտասարդութեան ներգրաւումը Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, թրքական քաղաքացիական հանրութեան զարգացումը Տինքի սպանութենէն եւ Կեզիի դէպքերէն ետք, Թուրքիոյ ներկայի վարչակարգին ծագումը եւ զարգացումը, Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները:
Հարցում-պատասխանի բաժինով մը վերջ գտաւ երեկոյթը:
Թ.Շ.