Պէյրութի Մէջ Մեկնարկը Տրուեցաւ «Զարթօնք» Օրաթերթի 80-ամեակի Ձեռնարկներուն

Յունուար 18-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ «Զարթօնք»-ի պատասխանատուներուն եւ բարեկամներուն, մեկնարկը կատարուեցաւ «Զարթօնք»-ի 80-ամեակի ձեռնարկներուն, որուն ընթացքին՝ ընկեր Սեւակ Յակոբեան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Զարթօնք»-ի նոր ծրագիրները ընդհանրապէս եւ 80-ամեակի առիթով տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկները՝ մասնաւորաբար: Այս մասին կը հաղորդէ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը։

Եզրակացնելով՝ ընկեր Յակոբեան ներկաներուն տեղեկացուց թէ. «Զարթօնք» իր Նոր Տարուան Բացառիկ թիւը նուիրած է Արցախին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս՝ անոր հասոյթը նուիրելու Արցախի Հայ զինուորներուն:

Ապա՝ ընկեր Համօ Մոսկոֆեան ներկայացուց «Զարթօնք»-ի 2017-ի բացառիկը:

Հանդիպումը առիթ մըն էր պատուելու արժանաւոր մը: Արդարեւ, երախտաւոր Մկրտիչ Մսըրլեանի անուան «Զարթօնք»-ի Բեղուն Գրիչի 2016 տարուան Մրցանակը ստացաւ «Զարթօնք»-ի աշխատակից Պրն. Սարգիս Փոշօղլեան՝ ձեռամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ մեծ երախտաւորի զաւակին՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին: Աւարտին՝ Պրն. Փոշօղլեան իր սրտի խօսքը արտասանեց ներկաներուն:

Scroll Up