Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Հերթական նիստը
Դեկտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի սոցիալական օգնութեան գրասենեակի տնօրէն Տէր Մարկոս Մանգասարեան «Սուրիահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ նախատեսուող ծրագիրները» թեմայով զեկուցում ներկայացուց: Ան նշեց, որ այս տարի Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու 150 ընտանիքի աւելի քան 7,5 միլիոն դրամի աջակցութիւն ցուցաբերուած է, 800 հազար տոլար յատկացուած է Սուրիոյ մէջ դպրոցներու վերականգնման, սոցիալական աջակցութեան եւ այլ խնդիրներու լուծման:
Զեկուցողը աւելցուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի սոցիալական օգնութեան գրասենեակը 1 միլիոն տոլար նուիրաբերած է Արցախին: Իսկ 80 միլիոն դրամ յատկացուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու եւ հաշմանդամներու ընտանիքներուն:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր կառոյցներուն, յատկապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, ցուցաբերած օգնութեան եւ աջակցութեան համար:
ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Եորտեկեան զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն: Ան նշեց, որ ՀԲԸՄ շտապ օգնութեան 1 միլիոնանոց հիմնադրամը այսօր արդէն հատած է 4 միլիոն տոլարի սահմանագիծը: Խօսելով սուրիահայ ուսանողներու ուսումնավարձերու հատուցման մասին` զեկուցողը նշեց, որ յաջորդ տարի ատոնք կ’աւելնայ 26 տոկոսով:
Պատասխանելով «Արեւելք» պարբերականի խմբագիր Սագօ Արեանի հարցին` ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Եորտեկեան նշեց որ սուրիահայերուն յատկացուած 250 հազար տոլարի մէկ երրորդը ՀԲԸՄ-ը ուղղած է Հալէպի մէջ սոցիալական եւ վերականգնման աջակցութեան ծրագիրներուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան ներկայացուց Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի 2017 թուականի աշխատանքային ծրագիրի նախագիծը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան ներկայացուց իրավիճակը Սուրիոյ մէջ: Ան շեշտեց, որ թէեւ սուրիական կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է Հալէպի ազատագրման մասին, բայց սա միայն սկիզբն է: Ընդհանուր միջազգային արձագանքները միանշանակ չեն, վերջին 3 օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ը 2 բանաձեւ ընդունած է` Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակի եւ վայրագութիւններու հետազօտման վերաբերեալ:
Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ներգաղթի եւ ընդելուզման 2017-2020թթ. ռազմավարութեան նախագիծին վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու աջակցութեան եւ ընդելուզման աշխատանքները համակարգող քարտուղարութեան հրաւիրեալ մասնագէտ Նարինէ Կարինեան:
Ամփոփելով նիստը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ համակարգուած, բարեխիղճ աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն համագործակցութեան համար: Ան շնորհաւորեց բոլորի գալիք Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը եւ աւելցուց. «Թող Նարեկացու «Բարի միտք, բարի խօսք, բարի գործ» խօսքերը դառնան 2017 թուականի նշանաբանը: Մաղթում եմ, որ Նոր տարում մեր ժողովուրդը ունենայ բարի խօսք եւ բոլոր ցանկութիւնները յաղթանակով եւ բարի գործերով աւարտուեն»: