«Ղափամա»-ին Նուիրուած Ձեռնարկ Նիսի ՄԷջ

Դեկտեմբեր 18-ին Նիսի «Alliance pan Armռnienne» միութիւնը կազմակերպած էր «Ղափամա»-ին նուիրուած ձեռնարկ, ուր համայնքի անդամներուն ներկայացուեցաւ հայկական հնագոյն կերակրատեսակներէն մէկը` Ղափաման:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները` ձեռնարկին ընթացքին կազմակերպուած էր նաեւ Ղափամային նուիրուած մրցոյթ, ուր տարբեր անձիք ներկայացուցին իրենց կողմէ պատրաստուած Ղափաման, ինչպէս նաեւ փոխանակեցին պատրաստման բաղադրատոմսերը: