Հայկական Խաչքար Աւստրիոյ Մէջ

Դեկտեմբեր 11-ը  յիշարժան եւ պատմական օր էր Աւստրիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցական համայնքին եւ բոլոր մեր հայրենակիցներուն համար: Ինչպէս Օրեր-ուն կը տեղեկացնեն Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքէն, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական նոր խաչքարի օրհնութեան կարգ:

Վիեննայի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ (Wiener Zentralfriendhof, Tor 2, Gruppe 22, մուտքէն դէպի ձախ ճերմակ շէնքին ետեւը) տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն: Տէրունական աղօթքի ներքոյ, օրհնուեցաւ հայկական խաչքարը, որ պիտի ծառայէ որպէս մեր ժողովուրդի բոլոր նահատակուածներու լուսաւոր յիշատակին, երկնային կեանքով ապրող մեր հայրենակիցներուն միախմբուելու սրբավայր…:

Այնուհետեւ Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ հայրապետական պատուիրակի պաշտօնակատար  Տիրան  վարդապետ Պետրոսեանին, Աւստրիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրէաս Իսախանեանին, Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի վարչութեան ատենապետ Վահագն Ամիրջանեանին եւ ՀԱԵՀ վարչութեան ողջ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր այս բարերար հայորդիներուն, որոնց հանգանակութիւններուն շնորհիւ եւ կազմակերպչական փայլուն աշխատանքներու արդիւնքով այսօր ունինք եւս մէկ սրբավայր, որ պիտի միաւորէ Աւստրիոյ հայերը, բոլոր այցելուներն ու զբօսաշրջիկները: Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք այսօր ներկայ գտնուեցան հայկական խաչքարի բացման արարողութեան»։

Յիշեցնենք, որ ասիկա երրորդ խաչքարն է Վիեննայի մէջ, եւ չորրորդը` Աւստրիոյ մէջ:

ՕՐԵՐ

Orer.eu

%d5%ad%d5%a1%d5%b9%d6%84%d5%a1%d6%801 %d5%ad%d5%a1%d5%b9%d6%84%d5%a1%d6%802

Scroll Up