Սասուն Գրիգորեանի «Իմաստուն Ազգ» Գիրքի Շնորհանդէս-Վաճառքը Լոնտոնի ՄԷջ

Դեկտեմբեր 16-ին Լոնտոնի «Հայկական տեղեկատուութեան եւ խորհուրդի կեդրոնին մէջ» տեղի պիտի ունենայ Սասուն Գրիգորեանի «Իմաստուն ազգ» (˝Smart Nation: a blueprint for modern Armenia˝) գիրքի շնորհանդէս-վաճառքը:
Գիրքը հրատարակուած է «Կոմիտաս» հիմնարկին կողմէ եւ կը ներկայացնէ ներկայիս Հայաստանի հնարաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները, անդրադառնալով տարբեր ոլորտներու, ինչպիսիք են` մշակոյթը, կառավարութիւնը, ժամանակակից արուեստագիտութիւնները, միջազգային յարաբերութիւնները, Սփիւռքը, Ղարաբաղը եւ այլն: