Հրաշք Սերունդ` Եուրա Աղաբալեան

Իմ սերունդս յաճախ  լսած է մեծերէն, որ կը կործանինք` կ’երթանք դէպի անորոշութեան անդունդ:

Պատճառները շատ էին, պատերազմ, մութ ու ցուրտ տարիներ, յետխորհրդային ճնշուածութիւն.. մշակոյթաին սով եւ արտագաղթ:

Ես յաճախ կ’ըսեմ` հրաշք սերունդ ունինք` յամառ մարզիկներ, սիրուած երաժիշտներ եւ տաղանդաւոր ու բազմակողմանի զարգացած սերունդ, որ քաջ կը գիտակցի իր արմատներուն մասին .. եւ ազատուած է խորհրդային ծանր ու օտար բեռէն:

Այսօրուան հիաշք սերունդի ներկայացուցիչը` Աղաբալեան Եուրան է.. որ ծնելով Հայաստանի մէջ իր կեանքի  մեծ մասը ապրած է Դանիոյ մէջ:

Եուրան տասներեք տարեկան է.. հինգ տարի կը  զբաղի Աշիհարա քարաթէով.. կը յաճախէ Ռանտերս քաղաքի Քարաթէի դպրոց:

Բազում մրցանակներ  շահած է հինգ տարուան ընթացքին, իսկ Դեկտեմբեր երեքին ան վաստակեց իր առաջին մեծ մրցանակը` գրաւելով Դանիոյ մէջ առաջին տեղը Աշիհարա Քարաթէով:

Կը շնորհաւորենք եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

Անահիտ Կարապետեան

Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»

 

 

Scroll Up