«Յոյն Գրողներու Միութիւնը» Պաշտօնապէս Կը Նշէ Հայկական Քնարերգութեան Յունարէն Թարգմանութեան 120-Ամեակը

«Յոյն գրողներու միութիւնը» (ՀԳՄ) Աթէնքի մէջ պաշտօնապէս պիտի նշէ «Հայկական Քնարերգութեան յունարէն թարգմանութեան 120 ամեակը»

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օրը` Դեկտեմբեր 12-ին, ժամը 18.30-ին, Յոյն գրողներու միութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ձեռնարկի կազմակերպիչները:

Յունաստանի մէջ Հայ համայնքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ «Յոյն գրողներու միութիւնը» իր յարգանքի տուրքը կու տայ հայ գրականութեան` պաշտօնապէս նշելով հայկական քնարերգութեան յունարէն թարգմանութեան 120 ամեակը: Հանդիսութեան կը մասնակցին ՀԳՄ նախագահ Քոստաս Գառուսոս, նախկին նախագահներ Մեսրս Փաւլոս Նաթանելը, եւ Աւկերինոս Անտրէուն: Յունարէնով հայ բանաստեղծութեան նմուշներ կը ներկայացնեն դերասաններ Ֆրոսօ Զագարէուն, Տինոս Փոնթիկոպուլոսը եւ Հայկ Գասարջեան: Հայկական քնարերգութեան յունարէն թարգմանութիւններու մասին հակիրճ պատմական ակնարկ պիտի ներկայացնէ գրող Յունա-հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի քարտուղար Յովսէփ Քասեսեան: Կ’ընթերցուին հատուածներ Նալպանտեանի, Պատկանեանի, Սիամանթոյի, Վարուժանի, Իսահակեանի, Պարոյր Սեւակի, Շիրազի եւ այլ բանաստեղծներու  քերթուածներու յունարէն թարգմանութիւններէն: Հիւրերուն ողջոյնի խօսք կ’ըսէ Աթէնքի համալսարանի փրոֆէսոր, ՀԲԸՄ մասնաճուղի նախագահ Համբիկ Մարուքեան:

Սա 1896թ. -ի համիտեան ջարդերու յիշատակման 120-ամեակին նուիրուած եօթ ձեռնարկներու շարքի երկրորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ:

Հայերէնէ յունարէն թարգմանուած առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւնը», որ տպագրուած է 1895թ. Սեպտեմբերին Աթէնքի «Հեսթիա» ամսագիրին մէջ` Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցերուն յաջորդած համիտեան ջարդերէն յետոյ: Ասոր յաջորդեցին նաեւ այլ թարգմանութիւններ` հռչակաւոր յոյն բանաստեղծներու եւ յունահայ գրողներու կողմէ:

Յոյն գրողներու միութեան հանդիսութիւններու սրահի հասցէն.

Աթէնք, Կենադիւ 8 եւ Ակադեմիայի փողոց:

Մուտքը ազատ է:

 

Scroll Up