Մկրտչեանականները Կը Կորսնցնեն Իրենց Սիրելին՝ Գառնիկ Ներսէսեանը

Խոր ցաւով կը գուժենք անժամանակ մահը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի «Մհեր Մկրտչեան» Թատերախումբի հիմնադիր անդամներէն, սիրուած դերասան Գառնիկ Ներսէսեանի, 61 տարեկան հասակին, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 5, 2016, Երկուշաբթի երեկոյեան իր տան մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Ան ծնած էր 1955-ին Սուրիոյ հայաշունչ աւանի՝ Քէսապի մէջ: Թատերական առաջին փորձերը կատարած էր հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ մասնակցելով «Արշին Մալ Ալան» եւ «Չարշըլը Արթին Աղա» կատակերգութիւններուն մէջ:
Գառնիկ 1973-ին կը տեղափոխուի Նիւ Եորք եւ 1980-ին կը միանայ ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» պարախումբին: 2004-ին կը հիմնէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Երազ» պարախումբը եւ կը դառնայ անոր պարուսոյցն ու գեղարուեստական ղեկավարը:
ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի հիմնադիրներէն կ’ըլլայ ան բեմ բարձրանալով թատերախումբի անդրանիկ ներկայացման՝ «… Դարձեալ Պարոնեան»ի մէջ «Աբիսողոմ աղա»ի գլխաւոր դերով ու բեմադրութեամբ Թամար Յովհաննիսեանի (այրին Մհեր Մկրտչեանի – «Ֆրունզիկ»-ի): Այնուհետեւ յաջորդաբար դերեր կը ստանձնէ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ» (Ճեսփըր ՄգԿրեկորիի դժուարին դերով), Զարեհ Մելքոնեանի «Ո՞ւր կ’երթաս ո՛վ հայ ժողովուրդ» (Ոստան Որոտնեցիի դերով), Վարդան Գառնիկի բեմադրութեամբ Գարլօ Կոլտոնիի «Երկու տիրոջ ծառայ« (Ֆլորինտօ Արեսթուզի դերով), Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ Շէյքփիրի «Սխալներու կատակերգութիւն»-ի մէջ: Դարձեալ նոյն դերով Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ», այս անգամ բեմադրութեամբ՝ Յովհաննէս Պապախանեանի:
Իր վերջին խաղարկութիւնը կ’ըլլայ Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛ դատարանն է … » ներկայացման մէջ մարմնաւորելով Թալէաթ փաշան: Գառնիկ մաս կազմած է թատերախումբին հիւրախաղերուն՝ երկու անգամ Հայաստան, եւ յաճախ Պոստոն, Լոս Անճելըս, Մոնթրէալ …:
Հայ բեմին նուիրեալ ու տաղանդաւոր դերասանին մահով թատերախումբին անդամներն ու Թէքէեանի մեծ ընտանիքը կը սգան անոր կորուստը: Ան մի՛շտ ներկայ պիտի ըլլայ մեր յիշատակներուն մէջ եւ անոր անունը արձանագրուած մնայ մեր թատերախումբի տարեգրութեան էջերուն մէջ:
Տան կարգը պիտի կատարուի Դեկտեմբեր 8-ին Լիթըլ Նեքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 6-էն 9, իսկ թաղմանական կարգը՝ Ուրբաթ Դեկտեմբեր 9-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ:
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները այրիին՝ Անիին, զաւակներուն՝ Յակոբին եւ Մարիային եւ հարազատներուն՝ Տոքթ. Յովհաննէս Ներսէսեանին, Սօսի Սիմոնեանին, Սիլվա Մանճիկեանին եւ Շահէ Ներսէսեանին